
Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ, նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըրը, որուն հետ քննարկեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն սպառնացող վտանգներն ու սպառնալիքները:
Հանդիպումին ընթացքին Մըր ներկայացուց աշխարհին մէջ կրօնական աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով «Ինթըրփոլ»-ի մշակած ռազմավարութիւնը, որուն գործադրութիւնը պիտի կատարուի Վատիկանին գործակցութեամբ:
Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Վատիկանին յանձնած է աշխարհի մէջ կրօնական աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով «Ինթըրփոլ»-ի մշակած ռազմավարութեան մէկ օրինակը եւ պապին հետ քննարկած Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակը:
Մըր աւելցուց, որ պապին հետ քննարկուած է նաեւ Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալուն հարցը եւ անոր վտանգները: Ան շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: