
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը, որմէ ստանձնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ իրեն յղուած հրաւէր մը` մասնակցելու Արաբական լիկայի նիստին:
Հանդիպումէն ետք Զայետ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող մարտահրաւէրները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քեթրին Պորա. անոր այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ: