Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ այս օրերուն ձեռնարկած է ամերիկեան շրջապտոյտի մը, Պոսթընի մէջ յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու համեմատութիւնը շրջանին մէջ զգալիօրէն նուազած է` հասնելով հինգ առ հարիւրի համեմատութեան:
Նոյն ծիրին մէջ, հայր Ապտօ Ապու Քասմ շեշտեց քրիստոնեաներու գոյատեւումը իրենց բնօրրաններուն մէջ` մերժելով, որ Լիբանան դառնայ քրիստոնեաներու համատեղման վայր: