Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաղթելով, Որ Շրջանային Դէպքերը Ժխտականօրէն Չազդեն Լիբանանի Վրայ. Սէյիտ Հասան Նասրալլա Բացայայտեց Հըզպալլայի Կեցուածքը Շրջանի Եւ Լիբանանի Իրադարձութիւններուն Գծով

March 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_NasrallahՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ անդրադարձաւ շրջանի կացութեան, յատկապէս` Եմէնի վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ: Նախքան այդ, ան հակիրճ ակնարկով մը վերահաստատեց  Հըզպալլայի կեցուածքը` միջլիբանանեան երկխօսութեան շարունակման գծով, թէեւ «ոմանք Մուսթաքպալ հոսանքին մէջ կը փորձեն խոչընդոտել զայն», ընդգծեց Նասրալլա` կոչ ուղղելով իր հետեւորդներուն ականջ չկախելու խանգարիչ ձայներուն: Նախագահական ընտրութեան թափուր աթոռի հարցին գծով Նասրալլա հաստատեց, որ Իրան ոչ մէկ ձեւով կ՛արգելակէ այս հարցին լուծումը: Աւելի՛ն, երբ ֆրանսացիք դիմած են Իրանի, վերջինս յայտնած է, որ «անիկա լիբանանեան հարց է»` մատնանշելով, որ Սէուտական Արաբիան եւ յատկապէս անոր արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալն է այս հարցը ձգձգողը: Նասրալլա այս առիթով վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը զօրավար Միշել Աունի թեկնածութեան` նշելով, որ արգելք չէ անոր ընտրութեան: Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գծով Նասրալլա վերահաստատեց, որ Հըզպալլա տարիներ առաջ բացայայտած է իր կեցուածքը եւ ներկայիս ալ հետաքրքրուած չէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսուի հոն:

Ապա Նասրալլա անդրադարձաւ Եմէնի վերջին իրադարձութեանց` հարց տալով, թէ ի՞նչ պատահեցաւ, որ յանկարծ բոլոր արաբները փութացին զօրակցելու սէուտական յարձակումին, միացեալ ուժ կազմեցին, երբ անդին տասնեակ տարիներէ ի վեր պաղեստինցի ժողովուրդը կը տառապի իսրայէլեան լուծին տակ, իսկ 1982-ին լիբանանցի ժողովուրդը դիմեց արաբներու օգնութեան եւ յետոյ պէտք ալ չունեցաւ անոնց: Մինչդեռ պաղեստինցի ժողովուրդը տակաւին կը դիմէ արաբներուն:

Եմէնի դէպքերուն գծով Նասրալլա թուեց կատարուած յարձակումին գծով տրուած պատրուակ-պատճառները, թէ` Եմէնի մէջ նախագահ գոյութիւն ունէր, երկրորդ` Եմէնի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը կը վտանգէ Ծոցի  եւ Սէուտական Արաբիոյ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը եւ երրորդ` Եմէն ներկայիս Իրանի կողմէ  գրաւուած է: Հարցը օրինական նախագահի մը հարցէն աւելի խոր է, ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ չմիջամտեցին անոնք, երբ Թունուզի թէ Եգիպտոսի ժողովուրդները ապստամբեցան իրենց նախագահներուն դէմ: Նոյնպէս` ի՞նչ  ապացոյց կայ, որ Եմէն գրաւուած է Իրանի կողմէ եւ թէ անիկա իր այժմու իրադրութեամբ կը վտանգէ սէուտական թէ Ծոցի ապահովութիւնը: Նասրալլա աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիա ի՛նք է, որ գրաւած էր Եմէնը տասնեակ տարիներէ ի վեր եւ միջամուխ կը դառնար անոր ներքին հարցերուն:

Նասրալլա դիտել տուաւ, թէ Եմէնի հակադիր կողմերը բանակցութեան հանգրուանի մէջ էին, որ սակայն առկախուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ վեհապետին մահով: Սէյիտ Նասրալլա բուռն կերպով քննադատեց Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը արաբական այլ երկիրներու գծով (Սուրիա, Իրաք) անոր որդեգրած քաղաքականութեան համար եւ ընդգծեց, որ «օդային յարձակումը յաղթանակ չի կերտեր»:

 

 

 

Նախորդը

Ամին Ժեմայէլ Կը Զգուշացնէ. «Շրջանի Քրիստոնեաներուն Համեմատութիւնը Նուազած Է Հինգ Առ Հարիւրի»

Յաջորդը

Շրջանի Հրատապ Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Լիբանան Կը Շարունակէ Ամրապնդել Ներքին Ճակատը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.