Լիբանանեան

Ռումիէի Մէջ.  Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց  Ոտնլուայի Կարգին

Ռումիէի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Ոտնլուայի Կարգին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ռումիէի բանտին մէջ նախագահեց Ոտնլուայի կարգին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք շնորհակալ է բանտին «12 առաքեալ»-ներուն հետ այդ կարգը նշելուն առիթով: Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան եւ Ռումիէի մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ օրհնեց բանտին մէջ արձանագրուող շինութիւնները, որոնք կը միտին մեղմացնել Ռումիէի մեծաթիւ արգելափակեալներուն դիմագրաւած դժուար պայմանները: Այս առիթով Ռայի...

Պըրրի Ընդունեց Զասիպքինը

Պըրրի Ընդունեց Զասիպքինը

Զասիպքին եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիպքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի:

Սայեահ Եպիսկոպոս. «Նաւահանգիստի Դ. Նաւամատոյցը Կը Պատկանի Պետութեան Եւ Զայն Փակելու Որոշումը Կառավարութեան Կողմէ Պէտք Է Տրուի»

Մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, առաջնորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը երէկ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի Դ. նաւամատոյցը փակելու աշխատանքներուն կասեցումին մասին իրենք խոստում ստացած են, սակայն այդ իմաստով խախտումներ արձանագրուած են: Այս առումով Սայեահ եպիսկոպոս շեշտեց, որ ցաւալի է այս թղթածրարին նկատմամբ նման վարուելակերպ ցուցաբերել: Ան ընդգծեց, որ պետութեան պատկանող հողաշերտ մը փակելու որոշումը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է:  

Դատախազ Սաքըր Պիլալ Եւ Օմար Միքաթիները Ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամակցութեան Յանցանքով

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ Պիլալ եւ Օմար Միքաթիները ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցութեան յանցանքով: Օմար Միքաթի ամբաստանուած է 12 յանցանքներով, իսկ Պիլալ` 4, որոնք կը ներառեն սպանութիւնը, Արսալի եւ Թրիփոլիի մէջ բանակին դէմ զինեալ բախումներուն մասնակցութիւնը, բանակայիններու սպանութիւնը եւ շարք մը այլ յանցանքներ: Սաքըր յանցագործներուն թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի` պահանջելով զանոնք...

«Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ  Արձակելու Բանակցութիւններուն Շրջագիծը  Ամբողջական Պատկերացում Ստացած Է»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Բանակցութիւններուն Շրջագիծը Ամբողջական Պատկերացում Ստացած Է» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով Ժապհաթ Նուսրայի հետ ընթացող բանակցութիւնները շատ աւելի հեզասահ կ՛ընթանան, քան ՏԱՀԵՇ-ի հետ կատարուած բանակցութիւնները: Ան շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն շրջագիծը ամբողջական պատկերացում ստացած է` աւելցնելով, որ իրենք առաջին իսկ օրէն կը ջանան դրական արդիւնքներու յանգիլ:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենց վարած արտաքին քաղաքականութեան չափանիշները Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերն են: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեց ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի հետ: Համաձայնագիրին ստորագրութեան ընթացքին...

Հայաստանի Դպրոցականները Պատուոյ  Պահակ Պիտի Կանգնին  Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Մինչեւ 23 Ապրիլ

Հայաստանի Դպրոցականները Պատուոյ Պահակ Պիտի Կանգնին Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Մինչեւ 23 Ապրիլ

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ  սկսած է անմար կրակին մօտ աշակերտական «Պատուոյ պահակ» հերթապահութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նշած է, որ այս շարժումը աննախընթաց է: «Այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ընդունուած է  պետական յանձնաժողովին կողմէ, եւ 1 ապրիլէն մինչեւ  23 ապրիլ, իւրաքանչիւր օր դպրոցի մը աշակերտները իրենց լուռ, ...

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իսլամութեան Անունով  Գործուող Ահաբեկչութեան Ձայնը Բարձրանայ»  Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իսլամութեան Անունով Գործուող Ահաբեկչութեան Ձայնը Բարձրանայ» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Իսլամական մշակութային կեդրոնի հիմնադրութեան 44-ամեակին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ իսլամութիւնը եւ իսլամական մշակոյթը ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛աղաւաղուի իսլամութեան թշնամիներուն կողմէ, յատկապէս հաւատադրժողական շարժումներուն, որոնք իսլամութեան անունով ոճիրներ կը գործեն: Հանրապետութեան միւֆթին կոչ ուղղեց բոլորին համագործակցելու` աւելցնելով, որ Իսլամական մշակութային կեդրոնը Տար Ֆաթուայի մշակութային թեւը կը նկատուի: «Պիտի չարտօնենք, որ իսլամութեան անունով գործուող...

Պըրրի Կը Հաստատէ Օրէնսդրական  Նիստ Մը Գումարելու Իր Յանձնառութիւնը

Պըրրի Կը Հաստատէ Օրէնսդրական Նիստ Մը Գումարելու Իր Յանձնառութիւնը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք յանձնառու է խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու` ընդգծելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ օրէնսդրական նիստ մը գումարելու եւ շարք մը օրինագիծեր վաւերացնելու: Անդրադառնալով Եմէնի մէջ տիրող կացութեան` Պըրրի շեշտեց,...

«Զօր. Միշել Աունը Հանրապետութեան  Նախագահ  Ընտրելը Ազգային  Ծրագիրին Մաս Կը Կազմէ»  Շեշտեց Իպրահիմ Քանաան

«Զօր. Միշել Աունը Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելը Ազգային Ծրագիրին Մաս Կը Կազմէ» Շեշտեց Իպրահիմ Քանաան

Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան Բրիտանիոյ մէջ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը ազգային ծրագիրին մաս կը կազմէ: Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան վերահաստատումէն ետք, 2005-ին սկսած է բարեկարգումի եւ իսլամ - քրիստոնեայ հաւասարակշռութիւնը իրականացնելու արշաւը: Միւս կողմէ, Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ...

«Կառավարական Նոր Տագնապ Մը  Նախատեսելի Չէ»   Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

«Կառավարական Նոր Տագնապ Մը Նախատեսելի Չէ» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարական նոր տագնապ մը նախատեսելի չէ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ հարցերը միշտ ալ դէպի լուծում կ՛ուղղուին: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին ճշգրիտ կեցուածք որդեգրած է` աւելցնելով, որ ան իմաստուն եւ գիտակից ղեկավար մըն է: Անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ ընթացող երկխօսութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ...

Արսալի Մէջ Լարուած  Մթնոլորտ Կը Տիրէ

Արսալի Մէջ Լարուած Մթնոլորտ Կը Տիրէ

Արսալի մէջ առեւանգուած են 28 սուրիացիներ, որոնցմէ 5-ը ազատ արձակուեցան, իսկ 23-ը տակաւին կը մնան պատանդի կարգավիճակին մէջ` ճնշում բանեցնելու համար Հիւսէյն Սէյֆէտտինը առեւանգող կողմին վրայ եւ զայն մղելու, որ ազատ արձակէ Սէյֆէտտինը: Այս իրականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Արսալի բնակիչներուն եւ սուրիացի զինեալներուն միջեւ հրացանաձգութիւնը արձանագրուի: Մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը Արսալի մէջ տիրեց լարուած մթնոլորտ, որուն ընթացքին նշմարուեցան զինեալ երեւոյթներ,...

Պէյրութի Մէջ . Եմէնցի Ուսանողներ Կը Մերժեն Սէուտական-Ամերիկեան Բռնարարքները

Եմէնցի ուսանողներ երէկ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնին դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին Եմէնի դէմ գործուած բռնարարքները, յատկապէս եմէնցի քաղաքացիները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը: Ուսանողները բողոքեցին սէուտական-ամերիկեան յարձակումներուն դէմ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն խնդրեցին Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը կասեցնել:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Միէ Միէ գաղթակայանին մօտ գտնուող լիբանանեան բանակին անցարգելը երէկ առաւօտեան քարկոծուեցաւ անծանօթներու կողմէ: ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ մաղթեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուին: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Սայտայի վերեւ` խզելով ձայնի պատը: ԱՅՆ Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը պայթած է ձեռնառումբ մը, որ վնասներ չէ պատճառած: ԸՍՏ Իսրայէլի, Հըզպալլա «Եախոնթ» տիպի հրթիռներ ունի:...

Վարչապետ Սալամ Կը Մասնակցի  Քուէյթի Խորհրդաժողովին

Վարչապետ Սալամ Կը Մասնակցի Քուէյթի Խորհրդաժողովին

Վարչապետ Սալամ` խորհրդաժողովին ընթացքին Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Քուէյթի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Սուրիոյ գաղթականներուն օժանդակող նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին: Վարչապետ Սալամի ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմեցին նախարարներ Նուհատ Մաշնուք, Սըժաան Քազզի, Աքրամ Շեհայէպ, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս եւ Վերաշինութեան ու բարգաւաճման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր: Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան կը հիւրընկալէ մէկուկէս միլիոն...

Պըրրի Ընդգծեց Լիբանանեան  Ազգային Երկխօսութիւնը  Ամրապնդելու Անհրաժեշտութիւնը

Պըրրի Ընդգծեց Լիբանանեան Ազգային Երկխօսութիւնը Ամրապնդելու Անհրաժեշտութիւնը

Պահիա Հարիրի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ղազի Արիտի: Միւս կողմէ, Ամալ շարժումին կազմակերպած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն նուիրուած 13-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի ներկայացուց քաղաքական զեկուցում մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Ամալ շարժումը յանձնառու է երկրին սահմանադրութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ...

Երկրագործութեան Մարզին Մէջ  Լիբանան-Հայաստան Գործակցութիւն

Երկրագործութեան Մարզին Մէջ Լիբանան-Հայաստան Գործակցութիւն

Շեհայէպ - Քոչարեան հանդիպումէն պահ մը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրագործութեան մարզի փորձագէտներ փոխանակելու եւ բարգաւաճման ծրագիրներ մշակելու հեռանկարները:

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստ.  «Կառավարութիւնը Պատասխանատու Է  Ապահովական Կառոյցներու  Նշանակումները Կատարելու»  Շեշտեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Կառավարութիւնը Պատասխանատու Է Ապահովական Կառոյցներու Նշանակումները Կատարելու» Շեշտեց Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն աւարտին նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Եմէնի մէջ տիրող տագնապը միայն քաղաքական բանակցութիւններու ընդմէջէն կարելի է լուծել` աւելցնելով, որ համախմբումը կը հաստատէ ներքին լիբանանեան կայունութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը: Ժրայսաթի յայտնեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի վարչական խորհուրդը ապօրինի...

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Առեւանգուած  Բանակայիններուն Հարազատները

Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Հարազատները

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները, որոնց փոխանցեց, թէ բանակայինները ազատ արձակելու առումով բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ այդ բանակցութիւնները կը կատարուին Քաթարի եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ: Հանդիպումէն ետք բանակայիններուն ընտանիքները շեշտեցին, որ Ապպաս Իպրահիմ իրենց յայտնած է, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բանակայիններուն թղթածրարին ուրախ աւարտ մը գտնելու նպատակով:...

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընդունեց  Դեսպան Տէյվիտ Հէյլը

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընդունեց Դեսպան Տէյվիտ Հէյլը

Ժոմպլաթ եւ Հէյլ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ «Անպա» թերթին մէջ լոյս տեսնող իր շաբաթական սիւնակին մէջ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ շատ ճիշդ կեցուածք մը...

Page 956 of 985 1 … 955 956 957 … 985

Արխիւներ