
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը ազատութեան դէմ է եւ ոչ թէ քրիստոնեայ համայնքին:
Ժահժահ ընդգծեց, որ եթէ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ մը ունենար, աւելի դիւրաւ պիտի կարենար յաղթահարել դժուարութիւնները:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ կայուն մթնոլորտ` աւելցնելով, որ Լիբանանի արմատները ամուր կերպով մխրճուած են հողին եւ ան տոկալու բացառիկ կարողութիւն ունի: