Այսօր Պքերքէի մէջ պիտի սկսի միջլիբանանեան քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր վեհաժողովը` զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող այս վեհաժողովը կը միտի մօտէն քննել Լիբանանի համակեցութեան դրութիւնը` վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:
Այս գծով բացայայտ թէ կողմնակի սերտ ճիգեր կը տարուին` պահպանելու Լիբանանի ներքին անդորրութիւնն ու համակեցութիւնը, շարունակելով Լիբանանը ներկայացնել իբրեւ շրջանին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան օրինակ: Հոսկէ` պաշտօնական Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը դրական չէզոք դիրքով ներկայանալու` յաչս արաբական թէ արտաքին աշխարհին: