Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց զօր. Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ համագործակցութեան մանրամասնութիւնները: