Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ Պիլալ եւ Օմար Միքաթիները ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցութեան յանցանքով:
Օմար Միքաթի ամբաստանուած է 12 յանցանքներով, իսկ Պիլալ` 4, որոնք կը ներառեն սպանութիւնը, Արսալի եւ Թրիփոլիի մէջ բանակին դէմ զինեալ բախումներուն մասնակցութիւնը, բանակայիններու սպանութիւնը եւ շարք մը այլ յանցանքներ:
Սաքըր յանցագործներուն թղթածրարները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի` պահանջելով զանոնք մահապատիժի ենթարկել: