Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Միէ Միէ գաղթակայանին մօտ գտնուող լիբանանեան բանակին անցարգելը երէկ առաւօտեան քարկոծուեցաւ անծանօթներու կողմէ:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ մաղթեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Սայտայի վերեւ` խզելով ձայնի պատը:

ԱՅՆ Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը պայթած է ձեռնառումբ մը, որ վնասներ չէ պատճառած:

ԸՍՏ Իսրայէլի, Հըզպալլա «Եախոնթ» տիպի հրթիռներ ունի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ խստիւ դատապարտեց Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին հրապարակած այն որոշումը, թէ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կ՛ոտնակոխէ մարդկային իրաւունքները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումը դիւրին չէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ կը գտնուին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը ապարդիւն դուրս պիտի գայ` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար կարիքը կայ ազգային միասնականութեան:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Հարաւային արուարձաններուն մէջ ապահովական ծրագիրի գործադրութիւնը որեւէ ատեն կրնայ սկսիլ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալեն Հաքիմ հաւանական նկատեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին նախարարներուն միջեւ բանավէճ արձանագրուի` Արաբական վեհաժողովին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամի արտասանած ճառին գծով:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ իր խօսքին մէջ հիմնուած է կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վրայ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իր սկսած երկխօսութիւնը շարունակելու:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազում կամ յաւելում չէ արձանագրած, մինչդեռ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 500 լ. ոսկիով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա հաստատած է, որ առեւանգուած բանակայինները պիտի չգլխատէ, ինչպէս նաեւ աւելցուցած, որ բանակայինները ազատ արձակելու համար գումարներ չէ պահանջած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդին նկատմամբ յարգանքը վերահաստատող արաբական յստակ կեցուածք մը գոյացնելու լուրջ կարիք կայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ միջկառավարական առումով երկփեղկումը պիտի ըլլայ քննարկումի սահմաններուն մէջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը մէկ հօր երկու զաւակներն են եւ կարելի չէ զանոնք անտեսել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի անհրաժեշտ նկատեց զօրակցիլ լիբանանեան բանակին` երկրին սահմաններուն սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան նիստը պոյքոթի ենթարկող երեսփոխաններուն` մասնակցելու նախագահական ընտրութեան նիստին:

 

 

Նախորդը

Իրանեան Կործանիչ Մը Քիչ Մնացած Էր, Որ Բախում Ունենար Ամերիկեան Բանակի Ուղղաթիռի Մը Հետ

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ . Եմէնցի Ուսանողներ Կը Մերժեն Սէուտական-Ամերիկեան Բռնարարքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?