Մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, առաջնորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը երէկ հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի Դ. նաւամատոյցը փակելու աշխատանքներուն կասեցումին մասին իրենք խոստում ստացած են, սակայն այդ իմաստով խախտումներ արձանագրուած են:
Այս առումով Սայեահ եպիսկոպոս շեշտեց, որ ցաւալի է այս թղթածրարին նկատմամբ նման վարուելակերպ ցուցաբերել:
Ան ընդգծեց, որ պետութեան պատկանող հողաշերտ մը փակելու որոշումը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է: