Եմէնցի ուսանողներ երէկ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնին դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին Եմէնի դէմ գործուած բռնարարքները, յատկապէս եմէնցի քաղաքացիները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը:
Ուսանողները բողոքեցին սէուտական-ամերիկեան յարձակումներուն դէմ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն խնդրեցին Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը կասեցնել: