Լիբանանեան

Պէյրութի Մէջ .  «Նախագահական Ընտրութիւնը  Ներքին Լիբանանեան Հարց Է»  Շեշտեց Թոնի Պլինքըն

Պէյրութի Մէջ . «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է» Շեշտեց Թոնի Պլինքըն

Պլինքըն եւ Սալամ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Թոնի Պլինքըն կիրակի գիշեր հասաւ Լիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի եւ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ: Երէկ կէսօրէ ետք Պլինքըն այցելեց Մուսայթպէ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին Պլինքըն շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը Լիբանանին վնաս կը հասցնէ` նշելով, որ նախագահ Պաշշար Ասատ...

Ռիֆի Կը Շնորհաւորէ Թրիփոլիի  Քրիստոնեայ Յարանուանութիւնները

Ռիֆի Կը Շնորհաւորէ Թրիփոլիի Քրիստոնեայ Յարանուանութիւնները

Յոյն կաթողիկէ առաջնորդը եւ Ռիֆի Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ այցելեց Թրիփոլիի քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն եւ Ս. Զատկուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց այդ շրջանին մէջ գտնուող քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Ռիֆի այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էտուար Տահեր եպիսկոպոսին, որուն ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները` ընդգծելով Թրիփոլիիի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը պահպանելու եւ ազգային համերաշխութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին, Տահեր յաջողութիւն մաղթեց արդարութեան նախարարին` բարձր...

«Մեր Ցաւը Իր Գագաթնակէտին Հասած Է  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու  Անկարողութեան Եւ Ներքին Քաղաքական  Սուր Երկփեղկումին Պատճառով»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

«Մեր Ցաւը Իր Գագաթնակէտին Հասած Է Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Անկարողութեան Եւ Ներքին Քաղաքական Սուր Երկփեղկումին Պատճառով» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենց ցաւը գագաթնակէտին հասած է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկարողութեան եւ ներքին քաղաքական սուր երկփեղկումին պատճառով: Ռայի պատրիարքը կարեւորութեամբ շեշտեց խաղաղութեան պարագան` հաստատելով, որ խաղաղութիւնը պէտք է դառնայ անհրաժեշտութեան եւ վերածուի արդարութեան եւ սիրոյ վրայ հիմնուած խաղաղութիւն: Ռայի պատրիարքը աղօթեց նաեւ...

Բանակը Դիմադրած Է  Դէպի Արսալ Ներխուժումի Մը

Բանակը Դիմադրած Է Դէպի Արսալ Ներխուժումի Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ ահաբեկչական խմբաւորում մը կիրակի երեկոյեան դէպի Արսալ ներխուժումի փորձ մը կատարած է: Այդ փորձին իբրեւ արդիւնք ահաբեկիչները ինկած են լիբանանեան բանակին լարած թակարդին մէջ. անոնցմէ մէկը սպաննուած է, իսկ միւսը` ձերբակալուած: Նշենք, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ Խըշաատ շրջանէն Հըզպալլա թիրախ դարձուցած է Քալամունի ճակատը եւ Նահլէ բարձունքին վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումին...

Առեւանգուած Բանակայինները  Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները  Մօտեցած Են Իրենց Աւարտին

Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները Մօտեցած Են Իրենց Աւարտին

Սէուտական «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ ընթացող բանակցութիւնները բաւական զարգացում արձանագրած են եւ գրեթէ մօտեցած իրենց աւարտին, որովհետեւ առեւանգող կողմերը սկսած են դրականօրէն վարուիլ Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայինները ազատ պիտի արձակուին որոշ փրկագինով եւ լիբանանեան բանտերէն կարգ մը արգելափակեալներու ազատ արձակումով: «Օքազ» կը տեղեկացնէ նաեւ, որ քաթարցի բանագնացը...

«Լիբանանի Քաղաքական Տագնապին  Իսկական Լուծումը Կը Սկսի Նախագահական  Ընտրութիւն Կատարելով»   Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

«Լիբանանի Քաղաքական Տագնապին Իսկական Լուծումը Կը Սկսի Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելով» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Ալի Հասան Խալիլ Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտարարեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին իսկական լուծումը նախագահական ընտրութիւն կատարելով կը սկսի` աւելցնելով, որ ասիկա միայն քրիստոնեայ համայնքին պահանջը չէ, այլեւ բոլոր լիբանանցիներուն: Խալիլ շեշտեց, որ փորձառութիւնը փաստած է, թէ այդ դիրքը հիմնական է լիբանանեան հանրութեան համար, յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Իրաքէն եւ Սուրիայէն մեծ թիւով քրիստոնեաներ բռնագաղթի կ՛ենթարկուին: Ելեւմուտքի նախարարը բարձր...

Այն Հելուէի Մէջ Անհետանալէ Ետք  Մարուան Իսա Սպաննուած  Կը Գտնուի Իր Ինքնաշարժին Սնտուկին Մէջ

Այն Հելուէի Մէջ Անհետանալէ Ետք Մարուան Իսա Սպաննուած Կը Գտնուի Իր Ինքնաշարժին Սնտուկին Մէջ

Մարուան Իսա Անցեալ շաբաթավերջին Հըզպալլայի անդամ լիբանանցի երիտասարդ Մարուան Իսա ուղղուեցաւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայան, ուր անհետացաւ: Իր անհետացումէն ժամեր ետք, անոր դիակը գտնուեցաւ իր ինքնաշարժին սնտուկին մէջ` զետեղուած պարկի մը մէջ: Պարկին վրայ գտնուած էր հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Այս է ճակատագիրը անոր, որ դաւաճանած է Աստուծոյ եւ Սուրիոյ մէջ պատերազմած Դիմադրութեան կողքին»: Մարուան Իսան սպաննող յանցագործը, որ աւելի ուշ բացայայտուեցաւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի դէմ պատերազմը կրնայ վայրկեաններու ընթացքին բռնկիլ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն շրջանը յանձնած ըլլայ Իրանի: ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ծովուժի ջոկատը երէկ Իպրահիմ գետին մէջ փրկեց 18 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնց նաւակը խանգարուած էր: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար հաւանական նկատեց, որ Արսալի ճակատը որեւէ ատեն բռնկի Սէուտական Արաբիոյ հրահանգով: Ան շեշտեց, որ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 6 ապրիլ 2015-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 7 ապրիլ 2015-ին:

Պըրրի. «Լիբանան Պատրաստ Է  Հիւրընկալելու Եմէնի Տագնապի  Լուծման Բանակցութիւնները»

Պըրրի. «Լիբանան Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Եմէնի Տագնապի Լուծման Բանակցութիւնները»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է հիւրընկալելու Եմէնի տագնապին լուծման բանակցութիւնները` աւելցնելով, որ Եմէնի փրկութիւնը անհրաժեշտ է: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Եմէնի տագնապը կարելի է լուծել միայն երկխօսութեամբ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Եմէնի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն շարունակութիւնը կը սպառնայ Արաբական ծոցին ապահովական կայունութեան: Անդրադառնալով Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան` Պըրրի գնահատեց երկու կողմերուն...

Լիբանանեան Քրիստոնեայ Տարբեր  Յարանուանութիւնները Կատարեցին Յիսուսի Թաղման Կարգը

Լիբանանեան Քրիստոնեայ Տարբեր Յարանուանութիւնները Կատարեցին Յիսուսի Թաղման Կարգը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ կատարեց Յիսուսի Թաղման կարգը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ: Միւս կողմէ, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Բ. Աֆրամ պատրիարքը եւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ...

Նասիպի Անցքին Վրայ Զինեալներ  Կը Գերեվարեն Տասը Լիբանանցի Վարորդներ

Նասիպի Անցքին Վրայ Զինեալներ Կը Գերեվարեն Տասը Լիբանանցի Վարորդներ

Սուրիան Յորդանանի միացնող Նասիպ անցքը հասած փոխադրատարներու լիբանանցի վարորդները երէկ փախուստ տուին այդ անցքին վրայ արձանագրուած ռմբակոծումէն: Յարձակումին իբրեւ հետեւանք, 10 վարորդներ գերեվարուեցան զինեալ խմբաւորումներու կողմէ: Սիր Տըննիէի քաղաքապետ Ահմետ Ալամ յայտնեց, որ Սուրիա-Յորդանան անցքին վրայ ինք ունի բանջարեղէն եւ պտուղ փոխադրող 8 փոխադրատարներ` աւելցնելով, որ ինք 4 վարորդներուն ճակատագիրին մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի: Ալամ նշեց, որ իր տեղեկութիւններուն...

Ան Ռիչըրտ Կ՛ողջունէ Եւ Կ՛արժեւորէ  Սուրիացի Գաղթականներուն Նկատմամբ  Լիբանանին Ցուցաբերած Հիւրընկալութիւնը

Ան Ռիչըրտ Կ՛ողջունէ Եւ Կ՛արժեւորէ Սուրիացի Գաղթականներուն Նկատմամբ Լիբանանին Ցուցաբերած Հիւրընկալութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի գաղթականութեան եւ գաղթականներու հարցերու օգնական Ան Ռիչըրտ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ եւ կ՛արժեւորէ Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրընկալութիւնը: Ռիչըրտ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն պատճառով լիբանանցիները բազմաթիւ հարցերու դէմ յանդիման կը գտնուին եւ ընկերային ու տնտեսական առումով տագնապալի պայմաններ կը դիմագրաւեն: Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ քաջատեղեակ են, թէ Լիբանան կը հասնին հսկայ թիւով...

Բանակը Արսալի Մէջ Որդեգրած Իր Ապահովական Միջոցառումները Փոփոխութեան Պիտի Չենթարկէ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաստատեց, որ բանակը Արսալի մէջ որդեգրած իր ապահովական միջոցառումները փոփոխութեան պիտի չենթարկէ: Բանակին մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ նահատակ Ալի Պզալի դիակին յանձնումը ոչ մէկ կապ ունի այդ միջոցառումները մեղմացնելու պայմանին հետ` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր դերակատարութիւնը ունեցած է Ալի Պզալի դիակը Ժապհաթ Նուսրայէն ստանձնելու իմաստով: Բանակը Արսալի մէջ իր պարտադրած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու անդամ նահատակ զինուոր Ալի Պզալի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ: Պզալի աճիւնները պաշտօնական արարողութեամբ դուրս բերուեցան Պատարոյի կառավարական հիւանդանոցէն եւ փոխադրուեցան անոր ծննդավայրը` Պզալիէ գիւղաքաղաք, ուր ամփոփուեցան ընտանեկան դամբարանին մէջ: «ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարին պատասխանատու կառավարական սեղմ յանձնախումբին եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բանակցութիւնները դրական են եւ անոնք մօտիկ ապագային կրնան լաւ արդիւնքներով դրսեւորուիլ: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի անդամ, երեսփոխան...

Այցելութիւն` Փոխվարչապետ Մուքպելի Եւ Հազարապետ-Զօրավար Ապպաս Իպրահիմի

Այցելութիւն` Փոխվարչապետ Մուքպելի Եւ Հազարապետ-Զօրավար Ապպաս Իպրահիմի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, այցելեց փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի Եարզէի իր գրասենեակին մէջ: Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցաւ երկրին քաղաքական թէ ապահովութեան թատերաբեմերու զարգացումները եւ այդ իմաստով առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը: Կարեւորութեամբ նշուեցաւ բանակի ուժեղացման անհրաժեշտութիւնը եւ զայն քաղաքական վէճերէ դուրս պահելու հրամայականը: Բագրատունի փոխվարչապետ Մուքպելին ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապակցաբար Լիբանանի թէ...

Նախագահական Ընտրութեան  Յաջորդ Նիստը 22 Ապրիլին

Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստը 22 Ապրիլին

Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի 21-րդ նիստը երէկ դարձեալ յետաձգուեցաւ` նիստին յատուկ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2015-ը նշանակեց նախագահական ընտրութեան յաջորդ թուականը: Նշենք, որ նիստին ներկայ գտնուող երեսփոխաններուն թիւը կը տարուբերէր 50-58-ի միջեւ: Նիստին յետաձգումէն ետք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան կոչ ուղղեց Հըզպալլային` երկրին վճռորոշ որոշումներուն պարագային խորհրդակցելու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ: Ատուան քննադատեց...

Բանակը Ստացաւ Ալի Պզալի Դիակը

Բանակը Ստացաւ Ալի Պզալի Դիակը

Սաֆա, Ռաատ եւ զօր. Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Ուատի Հմայտի մէջ ստանձնեց ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ նահատակ Ալի Պզալի դիակը եւ զայն փոխադրեց Պէյրութի զինուորական հիւանդանոց: Միւս կողմէ, բանակը երէկ կրցաւ Արսալի մէջ հակակշիռի տակ առնել ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յարձակում մը, որուն ընթացքին սպաննուեցան ՏԱՀԵՇ-ի երեք զինեալներ, որոնցմէ մէկը` ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու մը, որ ծանօթ է «Անսարի» անունով: Բանակը կրցաւ գերեվարել...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կը Հաստատեն Երկխօսութիւնը Նոյն Սկզբունքներուն Հիման Վրայ Շարունակելը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կը Հաստատեն Երկխօսութիւնը Նոյն Սկզբունքներուն Հիման Վրայ Շարունակելը

Երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան Թ. նիստը` ներկայութեամբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլի, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երեսփոխան Սամիր Ժսըրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի: Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ երկու կողմերը պիտի շարունակեն...

Մուքպել-Փաուլի Հանդիպում

Մուքպել-Փաուլի Հանդիպում

Մուքպել եւ Փաուլի Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն ընկերակցեցաւ ֆրանսական դեսպանատան զինուորական կցորդը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի Լիբանան այցելութեան վերաբերող հարցեր: Նշենք, որ Լոտրիանի Պէյրութ այցելութեան առիթով, Լիբանան պիտի ստանայ սէուտական նուիրատուութեան շրջագիծին մէջ զինուորական օժանդակութեան մէկ բաժինը:

Page 955 of 985 1 … 954 955 956 … 985

Արխիւներ