Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ սկսած է անմար կրակին մօտ աշակերտական «Պատուոյ պահակ» հերթապահութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նշած է, որ այս շարժումը աննախընթաց է:
«Այս նախաձեռնութիւնը կը պատկանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ընդունուած է պետական յանձնաժողովին կողմէ, եւ 1 ապրիլէն մինչեւ 23 ապրիլ, իւրաքանչիւր օր դպրոցի մը աշակերտները իրենց լուռ, ձիգ կեցուածքով առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան 6:00, հերթաբար պիտի ոգեկոչեն յիշատակը այն զոհերուն, որոնց շարքերուն մէջ կան իրենց մեծ մայրերը, մեծ հայրերը եւ նախահայրերը», ըսած է նախարարը:
«Այնքան բնական էր այս պոռթկումը, ցանկութիւնը, որ խոստովանիմ` կազմակերպչական եւ քարոզչական մեծ աշխատանք չէր պահանջեր, գաղափարը անմիջապէս ընկալուեցաւ բոլոր դպրոցներուն կողմէ, ծնողներուն մեծամասնութիւնը եւս ողջունեց», աւելցուցած է ան` նշելով, որ թէեւ նախատեսած էին միայն մայրաքաղաքային դպրոցները մասնակից դարձնել ծրագիրին, սակայն շրջաններու դպրոցները եւս ցանկութիւն յայտնած են մասնակցելու եւ կարելի է զանոնք ներառել քանի մը ժամով:
Արմէն Աշոտեան ըսած է, որ ցանկութիւն կայ շարժումը աւանդական դարձնելու: Ան նշած է, որ նման արարողակարգ կայ շարք մը երկիրներու մէջ եւ այս շարժումը այնքան բնական էր եւ նոյնիսկ քիչ մը ուշացած:


