Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները, որոնց փոխանցեց, թէ բանակայինները ազատ արձակելու առումով բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ այդ բանակցութիւնները կը կատարուին Քաթարի եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ:
Հանդիպումէն ետք բանակայիններուն ընտանիքները շեշտեցին, որ Ապպաս Իպրահիմ իրենց յայտնած է, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բանակայիններուն թղթածրարին ուրախ աւարտ մը գտնելու նպատակով:
Ընտանիքները հաստատեցին, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը ապահովել` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան պետութեան:
Բանակայիններուն ընտանիքները շեշտեցին, որ իրենք մտահոգ են իրենց զաւակներով եւ այդ պատճառով ալ երբեմն հաւատք կ՛ընծայեն նաեւ ապատեղեկատուութիւններուն:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները ընդգծեցին, որ իրենք չեն միտիր մագլցողական քայլերու դիմել: