Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ռումիէի բանտին մէջ նախագահեց Ոտնլուայի կարգին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք շնորհակալ է բանտին «12 առաքեալ»-ներուն հետ այդ կարգը նշելուն առիթով:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան եւ Ռումիէի մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ օրհնեց բանտին մէջ արձանագրուող շինութիւնները, որոնք կը միտին մեղմացնել Ռումիէի մեծաթիւ արգելափակեալներուն դիմագրաւած դժուար պայմանները:
Այս առիթով Ռայի պատրիարքը յաւելեալ արդարութիւն պահանջեց` դատավարութիւնները արագացնելու ընդմէջէն եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է լուծել ոճիրներուն դրդապատճառները, որոնք աղքատութիւնը, զրկանքն ու անիրաւութիւնն են:


