Սալամ Շեհապի Եւ Քասսարի Հետ Քննարկեց Տնտեսական Իրադարձութիւնները
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարը եւ Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Իմատ Շեհապ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզին վերաբերող խնդիրները: Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ...

















