Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձիւնհալին Սպասող Քալամունի Ճակատին Բռնկումը Եւ Իր Հետեւանքները

Մայիս 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ Գ.

3172571872Երկար ատենէ ի վեր նախատեսուող եւ ձիւնհալին սպասող Քալամունի ճակատին բռնկումը իր վրայ կեդրոնացուց տեղական թէ արտաքին շրջանակներու ուշադրութիւնը:

Շուրջ հարիւր հազար բնակիչ ունեցող եւ 125 հազար սուրիացի գաղթականներով խճողուած Արսալի շրջանը, իր շրջակայ բլուրներով եւ բարձունքներով ապահովական ու աշխարհագրական կարեւոր տեղ կը գրաւէ շրջանային` Սուրիոյ բախումներուն եւ անոնց լիբանանեան ճակատի հետեւանքներուն հեռանկարով: Անոր կարեւորութիւնը կը շեշտուի աշխարհագրական իր դիրքով, որ գլխաւոր անցք է դէպի «բանալի» շրջան նկատուող Զապատանի:

Անոր աշխարհագրական տարածքին ութսուն առ հարիւրը կը գտնուի լիբանանեան սահմաններուն մէջ, ինչ որ կը սաստկացնէ այս ուղղութեամբ հաւանական յարձակումի կամ բախումի հետեւանքներուն հաւանականութիւնը: Անոր շուրջ համախմբուած են հաւատադրժողական իրենց գաղափարաբանական վարդապետութեամբ ծանօթ քանի մը հազար զինեալներ, որոնք ըստ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանին այժմ հասած են վեց հազարի: Անոր կարեւորութիւնը նաեւ կը շեշտուի Քալամունի կից ըլլալու իրողութեամբ, որ իր կարգին վճռորոշ դեր ունի այլ շրջաններու ճակատագիրին տնօրինման մէջ: Այդ շրջաններէն են լիբանանեան Պեքաան եւ սուրիական Հոմսն ու Հալէպը, որուն ութսուն հազար հայութենէն մնացած է ինը հազար միայն, ըստ հալէպահայ լաւատեղեակ ու իրազեկ անձնաւորութիւններու: Փակագիծ մը բանալով, Թուրքիոյ ուզածն ալ այդ չէ՞ր արդէն` հայութիւնը պարպել հայրենամերձ գաղութներէն: Արդարեւ, շրջանային իրադարձութեանց ծալքերուն քաջածանօթ փորձագէտներու կարծիքով, Թուրքիա «աչքը տնկած է» Հալէպի վրայ եւ կ՛ուզէ ամէն գնով գրաւել զայն: Հոսկէ` անոր քայլերը, ահաբեկչական խմբակներու զինեալներու օժանդակութեան եւ զօրակցութեան գծով: Փաստօրէն, Քալամունի ճակատին կորուստը իր ժխտական հետեւանքները պիտի ունենայ միաժամանակ լիբանանեան եւ սուրիական ճակատներուն վրայ:

Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, զօր. Հիշամ Ժապերի համաձայն, խիստ կարեւոր է նշեալ շրջաններու պաշտպանութիւնը: Ըստ անոր, այդ շրջանները մեծապէս կրնային վտանգուիլ, եթէ Քեսապի գրաւումը շարունակուէր: Նոյն առնչութեամբ լիբանանցի քաղաքական մեկնաբան Ճոնի Մնայեարի կարծիքով, սուրիական «տաք» շրջաններու ճակատագիրը ուղղակիօրէն պիտի ազդուի Քալամունի բախումներուն արդիւնքներէն: Արդ, այս ճակատամարտը կը միտի պաշտպանել լիբանանեան սահմանամերձ շրջանները, ուր անխուսափելի պիտի ըլլայ մերձակայ շրջաններու իրադարձութեանց անդրադարձը: Ըստ Մնայեարի, Քալամունի ճակատամարտէն ետք նոյնը պիտի չըլլայ, ինչ որ էր նախքան Քալամունի ճակատամարտը: Ան զգուշացուց «քնացող բջիջներէն», որոնք նման բախումներուն կրնան վերակենդանանալ:

Զօր. Ժապերի կարծիքով, լիբանանեան բանակը շրջանին մէջ միակ երկրի բանակն է, որ յաջողած է իր հակակշիռին տակ պահել ահաբեկչական խմբակներու շարժումները: Ան, ինչպէս նաեւ Մնայեար քիչ հաւանական նկատեցին Քալամունի ճակատամարտին լիբանանեան հետեւանքներուն վտանգը: Գէթ առայժմ բախումները սահմանափակուած են Քալամունի սուրիական տարածքին մէջ: Անոնց այս հանգստացումները կու գան մեղմացնելու թուրք մեկնաբան Զահետ Կիւլի յայտարարութիւնը լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, թէ նուազ քան մէկ ամսուան ընթացքին շրջանը եւ յատկապէս Հալէպը թիրախ պիտի ըլլան «տրամաթիք» վտանգաւոր շրջադարձներու: Նոյն առիթով լիբանանցի զօրավար, զինուորական փորձագէտ Սամիր Ֆարհաթ կեդրոնական Պեքաայի մերձակայ Քալամունի ճակատամարտի նախապատրաստական քայլերուն մէջ մեծապէս դերակատար նկատեց Թուրքիան, յատկապէս Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, որ Քայիտայի ղեկավարներուն, յատկապէս` Այման Զաուահիրիի հետ գործակցելով կ՛օժանդակէ ահաբեկչական զինեալներուն:

48 ժամէ ի վեր բռնկած Քալամունի ճակատամարտին յաջորդող իրադարձութիւնները պիտի գան վճռելու շրջանին մէջ բաժանումի կամ իշխանութեան ամրապնդումի հաւանականութիւնը:

Անոր հետեւանքները ձիւնագնդակի նման իրենց անդրադարձը պիտի ունենան յատկապէս Սուրիոյ (նկատի ունենալով, որ անիկա Քալամունի սուրիական տարածքին մէջ կը կատարուի) վրայ:

Սակայն Լիբանան եւս անմասն պիտի չմնայ անոր անդրադարձներէն` քաղաքական, զինուորական, ապահովական թէ տնտեսական իմաստով:

Զինուորական ու ապահովական արձագանգներուն նախաքայլերը կը նկատուին առեւանգուած զինուորականներու կեանքը վտանգելու պատրաստ Ժապհաթ Նուսրայի սպառնալիքներն ու ծնողներուն հակազդեցութիւնը:

Նախորդը

Պատկերասփռուած Յայտարարութեամբ Մը. «Երբ Սկսի Քալամունի Ճակատամարտը, Արդէն Ինքզինք Յայտարարած Կ՛ըլլայ» Յայտնեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Ընդունելով Նահատակ Զինուոր Նետիմ Սըմաանի Մայրը. Նախարարաց Խորհուրդը Մէկ Վայրկեան Յոտնկայս Յարգեց Մայիս 6-ի Նահատակները

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?