Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդունելով Նահատակ Զինուոր Նետիմ Սըմաանի Մայրը. Նախարարաց Խորհուրդը Մէկ Վայրկեան Յոտնկայս Յարգեց Մայիս 6-ի Նահատակները

May 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_Council-m-5Աննախընթաց քայլով մը, նախարարաց խորհուրդը երէկ նախքան 2015-ի պիւտճէին յատկացուած նիստի քննարկումը, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց 6 մայիս 1916-ի լիբանանցի նահատակներու յիշատակը:

Ուշագրաւ էր, որ նահատակ ենթասպայ Նետիմ Սըմաանի մայրը` Ժորժեթ Սըմաան, ընկերակցութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, մուտք գործեց դահլիճէն ներս եւ նախարարներուն ցրուեց գրաւոր կոչ մը` պահանջելով Մայիս 6-ը յայտարարել իբրեւ «Բանակի նահատակներու օր»:

Ապա ժողովականները քննեցին 2015-ի պիւտճէի մանրամասնութիւնները: Այս գծով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ մանրամասն թուական պատկերներով ժողովականներուն ներկայացուց պիւտճէի ընդգրկած գլխաւոր կէտերը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումին:

Աւարտին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժըրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստը գումարած է նախագահութեամբ վարչապետ Սալամի եւ բացակայութեամբ նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ Միշել Ֆարաոնի: Ժըրէյժ յայտնեց նաեւ, թէ վարչապետ Սալամ Նախարարները հրաւիրած է մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Մայիս 6-ի նահատակներուն յիշատակը` ընդգծելով, որ «Լիբանան պիտի շարունակէ մնալ ազատութիւններու փարոսը, ուր առաջնակարգ կարեւորութիւն ունի կարծիքի արտայայտութեան ազատութիւնը»:

Իսկ պիւտճէի քննարկման գծով Ժըրէյժ յայտնեց, որ ժողովականները որոշած են վաղը` հինգշաբթի շարունակել այդ քննարկումները, համաձայն գտնուելով պիւտճէին մէջ որդեգրուած սկզբնական չափանիշներուն եւ հիմերուն:

Նշենք, որ պիւտճէին վրայ բեռցուող աշխատավարձերու յաւելումներուն եւ այլ ծախսերու եւ գումարներու ընդհանուր պատկերը կը հասնի մէկ միլիառ 850 միլիոն լիբ. ոսկիի: Այս գծով արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ պիւտճէի քննարկումը չենք կատարեր, եթէ անիկա անտեսէ կամ չընդգրկէ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի հարցը:

Ժողովի աւարտին նախարար Ապու Սաապ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ խոստացած է յանձնախումբ մը կազմել եւ անոր վստահիլ յառաջիկային Մայիս 6-ը պաշտօնական տօնացոյցին մէջ ընդգրկելու հարցին վճռումը:

 

 

 

Նախորդը

Ձիւնհալին Սպասող Քալամունի Ճակատին Բռնկումը Եւ Իր Հետեւանքները

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.