Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լա Հէյի Մէջ. Ուալիտ Ժոմպլաթ Իր Վկայութիւնները Կը Ներկայացնէ Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեանին

Մայիս 5, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-04-15_Joumblat-S-T-LԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Լա Հէյի մէջ իր վկայութիւնները ներկայացուց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին վերաբերող այս ատեանին ներկայութեան Ժոմպլաթ յայտնեց, որ 2000-ին` հարաւային Լիբանանի ազատագրումէն ետք, երբ տակաւին ի զօրու եղած է Մազարեհ Շեպաայի ազատագրման կարեւորութիւնը, հակառակ այն իրականութեան, որ այդ տարածքը կը գտնուի սուրիական հոգատարութեան ներքեւ, ինք հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ:

«Նախագահ Ասատի հետ հանդիպում մը ունեցայ 11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք, իսկ այդ հանդիպումին դասաւորումը կատարեց Ղազի Քանաան, երբ արդէն մեր միջեւ երկփեղկումը սկսած էր: 2000-ին Սուրիոյ զօրակցող բոլոր երեսփոխանները զիս դաւաճան կոչեցին:

«Սուրիոյ կառավարիչին հետ իմ յարաբերութիւններս օր մը օրանց անձնական չեն եղած», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հիքմաթ Շահապի մերժած է Հաֆեզ Ասատի կողմէ իր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, որովհետեւ ան չէ փափաքած ենթարկուիլ նախագահ Պաշշար Ասատի հրահանգներուն:

«Հիքմաթ Շահապի եւ Խատտամ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին կը նկատէին արաբ ականաւոր դէմք մը, սակայն Հարիրիի նման սիւննի անձնաւորութիւն մը կը սպառնար սուրիական վարչակարգին», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան մեղսակցող բոլոր յանցագործները արդէն իսկ սպաննուած են:

Ընդհանուր դատախազ Ռէյ մերժեց Ժոմպլաթի կատարած այս յայտարարութիւնը` այդ մասին փաստեր պահանջելով:

Այս կեցուածքին հակազդելով ժոմպլաթ պատասխանեց. «Եթէ Ռըսթոմ Ղազալէ դատարան հրաւիրուէր, ապա ան կրնար փաստեր ներկայացնել Հարիրիի սպանութեան մասին»:

Ժոմպլաթ բացայայտեց, որ Հիքմաթ Շահապի զինք քանի մը անգամ զգուշացուցած է սուրիական վարչակարգին վտանգներէն` աւելցնելով, որ Ռըսթոմ Ղազալէի հետ անոր յարաբերութիւնները մտերմիկ չեն եղած, իսկ Քանաանի հետ բաւական խիստ եղած է, միակ տարբերութեամբ, որ Քանաան եղած է անկեղծ:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հաֆեզ Ասատի հետ Ռաֆիք Հարիրիի յարաբերութիւնը եղած է մտերմիկ, սակայն անիկա արմատական փոփոխութիւն կրած է Պաշշար Ասատի իշխանութեան օրով: «Հարիրիի եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ յարաբերութիւնները ապակայունանալու հանգրուանին սկսան Էմիլ Լահուտի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ: Լահուտ լաւ գիտէր, որ ինք Սուրիոյ զօրակցութիւնը կը վայելէ, եւ այդ պատճառով ալ ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ այդ դէպքը պատահեցաւ Ֆուատ Սինիորայի հետ, երբ Լահուտ շքախումբ մը գործուղեց դէպի նախարարութիւն, որպէսզի վարկաբեկեն Սինիորան` զինուորականներուն ամսական աշխատավարձը փոփոխութեան ենթարկելու պատճառով:

«Ռաֆիք Հարիրիի հետ իմ յարաբերութիւնս միշտ ալ լաւ եղած է 80-ականներու կէսէն ի վեր: Քաղաքական առումով մենք տարակարծութիւններ ունէինք, յատկապէս հաստատութիւններու ապապետականացման առումով: Հարիրիի տնտեսական քաղաքականութեան դէմ միշտ ալ քննադատական կեցուածքներ ունեցած էի, եւ ան յարգանքով ու մտերմութեամբ կ՛ընդունէր զանոնք», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ աւելցուց, որ Պաշշար Ասատ Հարիրիին յայտնած է, թէ ինքն է իշխողը, եւ անկէ պահանջած է «Նահար» օրաթերթին իր բաժնետոմսերը վաճառել: «2003-ի դեկտեմբերին Ասատի կողմէ Հարիրիին ուղղուած խօսքերը կը նկատեմ սպառնալիք», շեշտեց ան:

Ժոմպլաթ Միջազգային դատական ատեանին ներկայութեան սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց իր հօր` Քամալ Ժոմպլաթը սպաննելու յանցանքով եւ աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ «սուրիական հոգատարութիւն» եզրը խորքին մէջ սխալ է եւ զայն պէտք է փոխարինել «սուրիական բռնատիրութիւն» եզրով:

Նախորդը

Քալամունի Ճակատամարտը Բռնկած Է` «Ակնյայտ Նուաճում» Գործողութիւն Անուանումին Ներքեւ

Յաջորդը

«Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Բանաձեւման Մէջ Յառաջդիմութիւն Արձանագրուած Է, Սակայն Յամեցող Փակագիծերը Շատ Են» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս  Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»
Լիբանանեան

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

Մարտ 24, 2023
Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը
Լիբանանեան

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Մարտ 24, 2023
Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին
Լիբանանեան

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In