Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շարունակեց Լա Հէյի մէջ իր վկայութիւնները ներկայացնել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թղթածրարին վերաբերող միջազգային դատական ատեանին:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ռիֆաաթ Ասատ փորձած է յեղաշրջել Հաֆեզ Ասատի վարչակարգը` աւելցնելով, որ երբ Ռիֆաաթ Ասատի թնդանօթները Դամասկոս մուտք գործած են, ինք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Դամասկոսի մէջ գտնուած է, սակայն անոնք վերադարձած են Լիբանան` յաւելեալ զարգացումներէ մտահոգուած:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ինք անտեղեակ է իր հօր սպանութեան առնչութեամբ Ռիֆաաթ Ասատի դէմ Ժորժ Հաուիի ամբաստանութենէն` դիտել տալով, որ ինք կառչած կը մնայ իր տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն հետաքննութիւնները փաստած են, թէ Քամալ ժոմպլաթ սպաննուած է սուրիական վարչակարգին կողմէ, սակայն յստակ չէ, թէ ան որո՞ւն հրահանգով սպաննուած է: «Իսկ այն ինքնաշարժը, որուն միջոցով հայրս սպաննուած է, ուղղուած է սուրիական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոն», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան աւելցուց, որ Էլի Հոպէյքա իրեն յայտնած է, թէ զինք մահափորձի ենթարկած է` հերքելով այն տեղեկութիւնը, որ Ճոնի Ապտոն էր իր դէմ մահափորձ կատարողը:
«Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի ձգտումներ ունեցող անձնաւորութիւն էր, ան իրաւունք ունէր Լիբանանի մէջ քաղաքական դերակատարութիւն ունենալու եւ սպաննուեցաւ քաղաքական պատճառներով», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Ան ընդգծեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը իր զէնքերը յանձնած է` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ որոշուեցաւ Հըզպալլայի զէնքը պահել` հարաւային Լիբանանը իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու համար: «Հետեւաբար Թաէֆի մէջ համաձայնեցանք, որ Հըզպալլա ազատագրէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը», նշեց ան:
Ան աւելցուց, որ իրենք մերժած են ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւը, որովհետեւ անիկա լիբանանեան ներքին հարցերուն միջազգային միջամտութիւն է: Ժոմպլաթ նշեց, որ թիւ 1559 բանաձեւը եւ Թաէֆի համաձայնագիրը իրարու հակադրուած են եւ այդ պատճառով ինք եւ Ռաֆիք Հարիրի մերժած են այդ բանաձեւը` անշեղ մնալով Թաէֆի համաձայնագիրէն:
Իր վկայութեան աւարտին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք վստահ չէ Հարիրիի սպանութեան Հըզպալլայի մեղսակցութենէն` աւելցնելով, որ ինք Սուրիոյ դէմ քաղաքական ամբաստանութիւն կ՛ուղղէ` Հարիրիի սպանութեան յանցանքով: Ան շեշտեց նաեւ, որ Հարիրիի սպանութիւնը Սուրիոյ շահերուն չէր ծառայեր: