Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի այցելեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը գործակցի լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայաններուն հետ, որպէսզի անոնք բարելաւեն իրենց ընթացքը եւ դուրս գան իրենց դիմագրաւած տագնապներէն:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ Աւետման տօնին առիթով իրենց դռները բաց պահած սեփական վարժարաններու տնօրէններուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ այդ դպրոցները ստիպուած են փակել իրենց դռները, երբ տօնը պաշտօնական է եւ այդ իմաստով արձակուրդի որոշում հրապարակուած է նախարարաց խորհուրդին կողմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ «Քալամունի ճակատամարտը մեր հողերուն եւ լեռներուն վրայ գտնուող վտանգաւոր ուռ մը պիտի վերացնէ»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ այս ընթացքով անկարելի պիտի ըլլայ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութենէն, հաւանական կը նկատէ, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը որեւէ ատեն դադրի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Պէյրութի, հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Պեքաայի մէջ արձանագրուին պայթումներ` վատթարացնելով երկրին ապահովական կայունութիւնը:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ անկարելի է ամբողջ երկրին ճակատագիրը վստահիլ կուսակցութեան մը, որ լիբանանեան օրակարգով եւ լիբանանեան շահեր ապահովելու նպատակով չի գործեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ծրագիրը նորութիւն մը չէ եւ իր սովորական ընթացքով կը գործադրուի` երկիրը մղելով յաւելեալ մասնատումի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրած են` աւելցնելով, թէ որոշ մանրամասնութիւններէ ետք կարելի է այդ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը ամբողջացնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ համաձայնագիրին մշակումը կը գտնուի իր աւարտական հանգրուանին մէջ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, լիբանանեան բանակը երկրէն դուրս մղուած պատերազմներուն եւ բռնկած զինուորական գործողութիւններուն մէջ պիտի չներգրաւուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ անկարելի է Լիբանանը պատանդի վերածել կարգ մը քաղաքական ուժերուն կողմէ պարտադրուած պայմաններուն պատճառով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կ՛ապրի երազներու մէջ` գիտնալով հանդերձ, որ այլեւս ժամանակը ի նպաստ իրեն չէ:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախարար Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ Լիբանանը հաւատադրժողական արարքներէ փրկող որեւէ քայլ օրինական աշխատանք է եւ երկիրը պաշտպանելու յանձնառութիւն:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Մաշնուք – Իպրահիմ Հանդիպում

RelatedPosts

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

March 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.