Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատկերասփռուած Յայտարարութեամբ Մը. «Երբ Սկսի Քալամունի Ճակատամարտը, Արդէն Ինքզինք Յայտարարած Կ՛ըլլայ» Յայտնեց Սէյիտ Նասրալլա

Մայիս 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_nasrallahՀըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան պատկերասփիւռի «Մանար» կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ անդրադարձաւ շրջանային, յատկապէս` Եմէնի, Սուրիոյ, Իրաքի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի իրավիճակին` Քալամունի բախումներուն զուգահեռ:

Եմէնի գծով Նասրալլա քննադատեց «վճռորոշ փոթորիկ»-ի գործողութեան նախաձեռնած Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը, որ հակառակ կատարուած յայտարարութիւններուն, չիրագործեց հետապնդած նպատակները: Փաստօրէն, Եմէնի մէջ հուսիներու շարժումին իրագործումները չնահանջեցին, նախագահ Ապտ Ռապպօ Մանսուր Եմէն չվերադարձաւ եւ այլն:

Ան նաեւ քննադատեց Միացեալ Նահանգները եւ անոնց հետ գործակցող պետութիւնները շրջանի, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ դէպքերուն գծով:

Սէյիտ Նասրալլա հերքեց, թէ յատկապէս Ժըսր Շուղուր կամուրջի դէպքէն ետք Սուրիոյ ալեւիները Լիբանան փոխադրելու ծրագիր կայ` այդ մէկը «անհիմն տարաձայնութիւն» որակելով եւ նկատել տալով, որ անիկա ունի համայնքային, դաւանական բնոյթ: Ան նմանապէս ջրեց այն լուրերը, ըստ որոնց Իրան հրաժարած է Սուրիոյ զօրակցելէ:

Լիբանանի գծով ան խոստացաւ յառաջիկային անդրադառնալ երկրի ներքին հարցերուն` խորհրդարան, կառավարութիւն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու ապահովական ծրագիր եւ այլն: «Առ այժմ կ՛ուզեմ անդրադառնալ արեւելեան լեռնաշղթայի հարցին, որ կեդրոնական հարց է հիմա», ըսաւ ան` յայտնելով, որ Հըզպալլա յայտարարած էր, որ ձիւնհալէն ետք որոշ դէպքեր պիտի պատահին, առանց սակայն բացայայտելու անոնց ճշգրիտ թուականը:

«Երբ Քալամունի ճակատամարտը սկսի, արդէն ինքզինք յայտարարած կ՛ըլլայ», ընդգծեց Նասրալլա:

Ան նաեւ քննադատեց շրջանային կարգ մը պետութիւններ, որոնք նպաստած էին շրջանին մէջ հաւատադրժողական զինեալներու մէկտեղումին` այդ արարքը նմանցնելով «ինք իր փորած փոսին մէջ ինկաւ» առածին:

 

 

Նախորդը

Քալամունի Բախումներուն Զուգահեռ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Ստացաւ Սաստիկ Բնոյթ

Յաջորդը

Ձիւնհալին Սպասող Քալամունի Ճակատին Բռնկումը Եւ Իր Հետեւանքները

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?