Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալամունի Բախումներուն Զուգահեռ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցը Ստացաւ Սաստիկ Բնոյթ

Մայիս 6, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-05-15_zin-1Քալամունի բախումներու վաղորդայնին (գէթ սուրիական տարածքին մէջ) դարձեալ արծարծուեցաւ առեւանգեալ լիբանանցի զինուորականներու հարցը եւ ստացաւ հրատապ բնոյթ, երբ անոնց ծնողները բողոքի արտայայտութիւններով քննադատեցին կառավարութիւնը` անոր ապարդիւն քայլերուն համար: Արդարեւ, տասը ամիսներէ ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ արգելափակուող զինուորականներու ծնողները երէկ երկրի վարիչներէն, յատկապէս` արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիէն պահանջեցին միանալ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ճիգերուն: Անոնք նաեւ կառավարութենէն պահանջեցին «հանգիստ ձգել» Մուսթաֆա Հուժէյրին (Ապու Թաքիյէն), «որովհետեւ ան կարեւոր դեր ունի իրենց զաւակներուն ազատ արձակման ձգտող ճիգերուն մէջ»: «Ամօթ է, որ պետութիւնը այս ձեւով կը վարուի մեր զաւակներուն հետ: Անոնք ձեզ պաշտպանող զինուորական  հաստատութեան զաւակներն են», շեշտեցին ծնողները` սպառնալով «ցաւալի սաստկացում»-ի դիմել, ինչ որ անակնկալ պիտի ըլլայ բոլորին:

Ծնողներու այս քայլը կու գայ ի պատասխան «Թուիթըր»-ի վրայ Ժապհաթ Նուսրայի հետեւորդ` «Քալամունի թղթակից»-ին հրապարակած պատկերիզին, ուր գլխաւորաբար շիի զինուորականներ կը յայտնեն, թէ «իրե՛նք պիտի վճարեն գինը, եթէ (լիբանանեան) բանակը անսալով Հըզպալլայի կոչերուն, ճակատի Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն դէմ: Պատկերիզին մէջ բուռն քննադատութիւն կ՛ուղղուի հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Ապպասի դէմ` զայն մեղադրելով «սուտ եւ անհիմն խոստումներով ծնողները օրօրող», նշելով, որ ան «զինուորներուն ազատագրման պատրուակով գումարներ իւրացուցած է:

Նշենք, որ «Սքայ նիուզ» հաղորդած էր, թէ Ժապհաթ Նուսրա կը սպառնայ սպաննել իր մօտ գտնուող մեծամասնութեամբ շիի զինուորականները, եթէ Հըզպալլա եւ լիբանանեան բանակը յարձակում գործեն իրենց դէմ եւ ճամբաներ չբացուին իրենց առջեւ:

Միւս կողմէ, Ժապհաթ Նուսրա յայտարարեց, որ ամբողջացած է «Ֆաթհի բանակ»-ը, բաղկացած` Քալամուն գտնուող զինեալ խումբերու մեծամասնութենէն:

Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրներուն համաձայն, զինուորականներու հարցը հասած է իր եզրայանգումին եւ այս գծով համաձայնութիւն գոյացած է Ժապհաթ Նուսրայի հետ, «սակայն ձգձգումը Նուսրային կողմէ է»: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, քաթարցի բանագնացը ներկայիս կը գտնուի Թուրքիա եւ Ժապհաթ Նուսրայէն պատասխանի կը սպասէ: Ան Լիբանան պիտի փութայ անմիջապէս որ պատասխան ստանայ Ժապհաթ Նուսրայէն:

 

 

Նախորդը

Բացումը Կատարելով Արաբական Տնտեսական Համաժողովին`. «Կառավարութիւնը Չի Կրնար Փոխարինել Նախագահի Հեղինակութիւնը» Յայտարարեց Վարչապետ Թամմամ Սալամ

Յաջորդը

Պատկերասփռուած Յայտարարութեամբ Մը. «Երբ Սկսի Քալամունի Ճակատամարտը, Արդէն Ինքզինք Յայտարարած Կ՛ըլլայ» Յայտնեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?