Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք Արեւմտեան Շահհարի քաղաքապետարանները իմացուց, որ Նաամէի աղբանոցը պիտի փակուի 17 յուլիսին: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ այս տարի երկրին ընդհանուր պարտքը անցած է 70 միլիառ տոլարը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը կարեւոր է Միջին Արեւելքի փրկութեան համար: ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն ազատ արձակումին նպատակով քաթարցի բանագնացը Սուրիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած է...


















