Մուխթարա. Թէյմուր Ժոմպլաթ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընդունեց Ժողովրդային Պատուիրակութիւններ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր զաւկին` Թէյմուր Ժոմպլաթին յանձնեց Մուխթարայի մէջ շաբաթ օր ժողովրդային պատուիրակութիւններու ընդունման եւ կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ հանդիպումներուն պարտականութիւնը: Իր հօրմէն ղեկավարութիւնը ստանձնելու իմաստով անցեալ շաբաթավերջին Թէյմուր Ժոմպլաթի փորձառութիւնը եղաւ առաջինը: Մուխթարայի մէջ Ժոմպլաթ ընդունեց տարբեր գիւղաքաղաքներէ պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներ, քաղաքապետներ, եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ` ներկայութեամբ նախարարներ Աքրամ Շեհայէպի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, ինչպէս...



















