Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Սմահայի Հարցով Զինուորական Ատեանին Վճիռին Մերժումը Կը Բարձրացնէ Ընդվզումի Հսկայ Ալիք

Մայիս 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_tripoli_tsuytsԶինուորական ատեանին կողմէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի հարցով տրուած վճիռը մերժուեցաւ լիբանանեան որոշ շրջանակներու կողմէ եւ այդ մերժումը բարձրացուց ընդվզումի հսկայ ալիք մը:

Թրիփոլիի Թաքուա մզկիթին մէջ երէկ կատարուեցաւ բողոքի նստացոյց մը` գլխաւորութեամբ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ, Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյիի:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին Ռաֆիյի յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները սիւննի արգելափակեալներուն արդար վճիռներ չսահմանեն, ապա Սուրիոյ «յեղափոխականները» պիտի հասնին իրենց օգնութեան: «Սուրիոյ մէջ կռուող յեղափոխականները մեզի պարտական են` նկատի ունենալով, որ մենք մեր երիտասարդները տրամադրած ենք` անոնց կողքին կռուելու նպատակով», ըսաւ ան:

Շէյխ Ռաֆիյի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` արդար գտնուելու իսլամական բանտարկեալներուն հետ եւ երկու չափ երկու կշիռի քայլերէն հեռանալու:

Ան սիւննի համայնքին անունով հրաւիրեց բողոքի մեծ ցոյցի մը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 17 մայիսին, Նահատակաց հրապարակին վրայ:

Նստացոյցին ընթացքին հնչեցին Զինուորական ատեանին ջնջումը պահանջող եւ անոր վճիռները դատապարտող կոչեր: Ցուցարարները սուրիական վարչակարգն ու նախագահ Պաշշար Ասատը վարկաբեկող կարգախօսներ ալ հնչեցուցին:

Թրիփոլիի Սալամ մզկիթին մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք կատարուեցաւ բողոքի այլ նստացոյց մը, որուն ընթացքին մզկիթի իմամ շէյխ Պիլալ Պարուտի մերժեց Սմահայի վճիռը` կոչ ուղղելով ընդդիմանալու այդ վճիռին դէմ:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի խստիւ մերժեց այդ վճիռը` շեշտելով, որ Սմահայի եւ անոր պատիժը սահմանող դատաւորներուն ու անոր զօրակցող սպաներուն յարմարագոյն վայրը պատմութեան աղբանոցն է:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:

Նիստէն ետք երեսփոխան Հատի Հըպէյշ կարդաց ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ խստիւ մերժուեցաւ Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը` կատարեալ զօրակցութիւն յայտնելով արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կեցուածքներուն:

Մուսթաքպալ պլոքը ընդգծեց, որ Զինուորական ատեանին նկատմամբ վստահութիւնը կորսուած է:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին ընդմէջէն յայտնեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահա, որ փորձեց երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը բռնկեցնել, չորս տարուան վճիռ ստացաւ, իսկ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի հանգուցեալ պետ Ուիսամ Հասան ձախողեցուց անոր ոճրային փորձը եւ լիբանանցիները փրկեց պատերազմէ, այդ պատճառով ալ սպաննուեցաւ: «Ի՞նչ դատարաններու դիմաց կարելի է վիճարկել նման վճիռներ», հարց տուաւ Հարիրի:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հանդիպում մը ունեցաւ իրաւաբանական միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Սմահայի դէմ վճիռը բողոքարկելու կարելիութիւնները:

Ռիֆի շեշտեց, որ ինք կը պատրաստէ Զինուորական ատեանը ջնջելու օրինագիծ մը` զայն ներկայացնելու համար կառավարութեան:

Նշենք, որ երէկ կէսօրին մեծ թիւով երիտասարդներ փակեցին Սաատնայէլի մայրուղին` մերժելով Սմահայի դէմ արձակուած վճիռը:

 

 

 

Նախորդը

Մեհրապի Մէջ . Ժահժահ Ընդունեց Ներքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Զօր. Աուն Կոչ Ուղղեց Ժողովրդային Հանրաքուէով Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?