Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը յուսադրիչ չէ, յատկապէս Լիբանանը շրջապատող հրդեհներուն պատճառով: «Սակայն Լիբանանի ապահովական կացութիւնը համեմատաբար աւելի լաւ է, սակայն երկրին քաղաքական կացութիւնն է, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ապահովական իրավիճակին վրայ», ըսաւ ան:
Ուահապ շեշտեց, որ հարկ է Թաէֆի համաձայնագիրը ամրապնդել` ազգային աշխատանքները ճշդելով:
Ան հաստատեց նաեւ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը: