Երէկ կէսօրին պաշտօնական այցելութեամբ մը Պէյրութ հասաւ Մեքսիքայի արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Քորի Փրենիա:
Մինչեւ չորեքշաբթի օր երկարող պաշտօնական այս այցելութեան ընթացքին Փրենիա հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ շարք մը այլ պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան նպատակով Մեքսիքայի կողմէ տրամադրուելիք կարելիութիւններուն հեռանկարները:
Նշենք, որ Փրենիա, որ ծագումով լիբանանցի է, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղուեցաւ Ժեզզին` իր ծննդավայրը:


