Զօր. Աունի Քաղաքական Նախաձեռնութիւնը Ներկայացուեցաւ Ամալ Շարժումին
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները շարունակեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի առաջադրած քաղաքական նախաձեռնութիւնը ներկայացնել քաղաքական այլ խմբաւորումներու եւ անոնց հետ խորհրդակցութիւններ կատարել: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխաններ Նաժի Ղարիոս, Էմիլ Ռահմէ, Զիատ Ասուատ, Հիքմաթ Տիպ եւ Ապպաս Հաշեմ, երէկ այցելեցին խորհրդարան,...



















