Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Հասաւ Լիբանան

Մայիս 16, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_basil_germanԳերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քրիսթիան Քլակսի:

Պուսթրոս պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Շթայնմայեր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը արտաքին գործոց նախարար Պասիլի հետ քննարկեցին լիբանանեան եւ շրջանային հարցերն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներուն հարցով միջազգային ընտանիքը իր պարտականութիւնը չի կատարեր Լիբանանի նկատմամբ:

Ան նշեց, որ Գերմանիա այն երկիրներէն է, որ աւելի քան հարիւր հազար սուրիացի գաղթական հիւրընկալած է, «սակայն արդեօք այդ թիւը բաւարա՞ր է Լիբանանի վրայ բանեցուած այս ճնշումին հանդուրժելու», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հոսքին պէտք է դէմ դնել այնպիսի ծրագիրով մը, որ կ՛օժանդակէ անոնց վերադառնալու իրենց երկիրը:

Պասիլ նշեց նաեւ, որ առանց փոքրամասնութիւններուն գոյութեան կարելի չէ Միջին Արեւելքին յաջողութիւնը ապահովել եւ Գերմանիայէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանին` սուրիացի գաղթականները իրենց տուները փոխադրելու առումով:

Պասիլ յայտնեց, որ քննարկած են նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ իրենք կը պահանջեն Սուրիոյ պատերազմին ապահովել քաղաքական լուծում մը, որուն չեն միջամտեր ահաբեկչական հաստատութիւնները կամ արտաքին կողմեր:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարելի է երաշխաւորել` զօրակցելով լիբանանեան բանակին եւ դիմադրելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը եւ կատարելով երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնք կ՛երաշխաւորեն երկրին իշխանութեան բարձրացնել ժողովուրդին ներկայացուցիչները:

Իր կարգին, Շթայնմայեր ընդգծեց, որ հրաշքի համազօր է, որ Լիբանանի պէս երկիր մը տակաւին կեանքով եւ սիրով լեցուն ըլլայ, անոր մէջ գոյութիւն ունեցող կրօնական բազմազանութեամբ եւ արաբական երկիրներուն մէջ արձանագրուող բռնարարքներով հանդերձ:

Այլ հրաշք մըն է նաեւ այն, որ Լիբանան իր փոքր տարածութեամբ եւ սահմանափակ կարելիութիւններով այդքան մեծ թիւով սուրիացի գաղթական ընդունած է եւ կ՛օժանդակէ անոնց: «Մենք կ՛անդրադառնանք, որ ձեր ստանձնած բեռը ծանր է, եւ այս փորձանքին դիմաց Լիբանանը առանձին պիտի չձգենք», ըսաւ ան:

Շթայնմայեր հաստատեց, որ սուրիացի գաղթականներուն եւ զանոնք հիւրընկալող երկիրներուն կատարուած գերմանական օժանդակութիւնները կը հասնին մէկ միլիառ եւրոյի` աւելցնելով, որ իրենք պիտի նուազեցնեն Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներուն բանեցուցած ճնշումը` զանոնք ընդունելով Գերմանիոյ մէջ:

Ան ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին վերջ տալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ Սուրիա վերադարձնել իր բնակարաններն ու հողերը լքած բնակչութիւնը:

Միւս կողմէ, Շթայնմայեր այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող գերմանական զօրամասին ունեցած դերակատարութիւնը:

Շթայնմայեր այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող «Ամել» հաստատութիւնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ անոր նախագահին` Քամել Մհաննայի հետ:

Շթայնմայեր հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ այդ հաստատութեան մէջ գերմանական ֆինանսաւորում վայելող ծրագիրներուն պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց ծրագիրներուն գործադրութեան մանրամասնութիւնները:

Շթայնմայեր դրուատեց «Ամել»-ի տարած աշխատանքը` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու առումով:

Կը նախատեսուէր, որ Շթայնմայեր հանդիպում մը ունենար նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

 

 

Նախորդը

Իսրա Միհրաժի Առիթով` Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութեան

Յաջորդը

Մեհրապի Մէջ . Ժահժահ Ընդունեց Ներքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Ամերիկեան Տոլարի Ոստումները  Ցնցեցին Լիբանանը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Տոլարի Ոստումները Ցնցեցին Լիբանանը

Մարտ 22, 2023
Կիպրոսի Մէջ.   Միքաթի Շնորհաւորեց Նախագահ  Խրիսթոտուլիտեսը
Լիբանանեան

Կիպրոսի Մէջ. Միքաթի Շնորհաւորեց Նախագահ Խրիսթոտուլիտեսը

Մարտ 22, 2023
Պըրրի. «Այս Փուլին Ընթացքին Կարիքը Ունինք  Մոհամետ Մարգարէի Արժէքներուն Ծննդեան»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Թեկնածութիւնները Յայտարարուելէ Ետք, Խորհրդարանը Պիտի Հրաւիրեմ Նիստի, Եւ Ո՛վ Որ Յաղթէ, Թող Յաղթէ»

Մարտ 22, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In