Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 18, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ օգտագործուած քաղաքական ոճին մակարդակը հասած է լիբանանեան պետութեան, անոր դերակատարութեան եւ հաստատութիւններուն սպառնալու աստիճանին:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ լիբանանցիներուն փոխարէն սուրիացի քաղաքացիներուն կողմէ աշխատանքներու ստանձնումին իմաստով արձանագրուած համեմատութիւնները սարսափելի են: Քազզի նշեց, որ Լիբանանի մէջ աւելի քան 346 հազար անգործ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ անոնց 36 առ հարիւրը երիտասարդներ են:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն կատարելու որոշումը լիբանանեան է, իսկ հանրապետութեան նախագահին անձին շուրջ տարակարծութիւնը` քրիստոնէական:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի յայտնեց, որ Զինուորական ատեանին հասցէին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ կատարուած վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները քրէական ոճիր կը նկատուին, եւ երկրին օրէնքը պատիժներ կը սահմանէ այս կեցուածքին դէմ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի Ժապալ Մըհսեն շրջանին մէջ ձերբակալեցին Ապպաս Օ. անունով յանցագործ մը, որուն դէմ բերման բազմաթիւ գիրեր արձակուած են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ ներքին առումով կայունութիւն տիրէ եւ կարելի ըլլայ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ Քալամունի ճակատամարտը դիւրին եղած է, իսկ անոր ընթացքին արձանագրուած յաղթանակը` յստակ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Զինուորական ատեանը արտակարգ ատեան մըն է, որ ընդարձակ իրաւասութիւններ պէտք չէ ունենայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ մաղթեց, որ Կեդրոնական դրամատունը բարելաւէ իր վարուելակերպը եւ գործէ ըստ օրէնքի:

ՆԱԽԿԻՆ ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտում նշեց, որ Զինուորական ատեանը լուծելու պահանջը նորութիւն մը չէ: Ան յայտնեց, որ ատիկա հին պահանջ է, սակայն կարիքը ունի օրինականացումի եւ ուսումնասիրութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական իշխանութիւնները օտար դիւանագէտներէն  ստացած են խորհուրդներ` հանդարտօրէն եւ խաղաղութեամբ լուծելու տարակարծութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով պիտի վնասեն Լիբանանեան ուժերուն հետ յարաբերութիւններուն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, նոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ շրջանին մէջ ռուսական նոր դերակատարութիւն մը գոյութիւն ունի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրելու հիմնական հանգրուանը աւարտած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Քալամունի ճակատամարտին գլխաւոր նպատակները գործադրուած են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, մտավախութիւններ կան, որ երկիրը ենթարկուի 7 մայիսի դէպքերուն նման ապահովական գործողութիւններու:

ՀԱԼՊԱՅԻ, Աքքարի եւ Քպէյյաթի շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան թունաւորումի պարագաներ. բժշկական քննութիւններ կատարելէ ետք պարզուեցաւ, որ թունաւորումը միսի պատճառով եղած է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Քալամունի նուաճումը ազգային նուաճում է, նախքան որեւէ այլ խմբաւորումի մը նուաճումը ըլլալը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իմատ Հութ ընդգծեց արտակարգ դատական ատեաններուն իրաւասութիւններուն վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ պէտք է բանակին եւ Դիմադրութեան քայլերուն հետեւիլ` Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ պայքարելու համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա օր մը անպայման պիտի իմանայ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը պաշտպանելուն առումով ոչ մէկ շահ կայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն լուծումներ գտնելու թափուր մնացած նախագահական աթոռին համար:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդգծեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը վտանգաւոր դարձած է ամբողջ հանրապետութեան համար եւ ոչ միայն հանրապետութեան նախագահութեան:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Մասնայատուկ Ուժեր Սուրիոյ Մէջ Սպաննեցին ՏԱՀԵՇ-ի Քարիւղի Նախարարը

Յաջորդը

Պասիլ. «Արսալի Մէջ Գործուած Սխալը Պէտք Չէ Կրկնուի»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.