Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքի Նիստ . Ազգային Պարտականութիւն Է Լիբանանեան Սահմանին Վրայ Հըզպալլայի Դիմադրութիւնը
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ Լիբանանն ու լիբանանցիները շնորհաւորեց Ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով: Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը ընթերցեց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ յայտնեց, թէ այս տօնին առիթով իրենք կը խոնարհին նահատակներուն յիշատակին առջեւ եւ կ՛ողջունեն Դիմադրութիւնը` ընդգծելով այդ ընտրանքին ճշգրտութիւնը: Ֆատլալլա ըսաւ, թէ նիստին ընթացքին հաստատուած է, որ լիբանանեան սահմանին վրայ Հըզպալլայի դիմադրութիւնը ազգային...


















