Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ շեշտեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի համար բանակը երաշխիք է:
Սլէյման ընդգծեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն զօրակցութիւնը եւ պահանջեց յաւելեալ օժանդակութիւն ցուցաբերել բանակին, որ իր պարտականութիւնները աւելի լաւ կերպով կատարէ:
Հէյլ այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: