Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ երկրին ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակումներուն կարելիութիւնը պիտի քննարկուի յարմարագոյն պահուն` մերժելով նման թղթածրարներու նախապէս քննարկումը:
Մուքպել հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալմանի հանգստեան կոչուելուն իմաստով կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկում պիտի կատարուի: «Ապահովական կառոյցներու պետերու նշանակում չկատարելու պարագային, անկարելի է այդ պաշտօնները խորհրդանշող աթոռները թափուր պահել», շեշտեց ան: