Մարոնի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ֆարիտ Խազեն 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յիշատակին առիթով ողջունեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, որուն շնորհաւորեց Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին 9-ամեակին առիթով:
Խազեն հաստատեց, որ յուլիսեան պատերազմով կերտուած յաղթանակը եղաւ անկիւնադարձային եւ փաստեց, որ արաբ ժողովուրդը կրնայ յաղթել Իսրայէլի:
Խազեն ընդգծեց, որ յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար մեծ նշանակութիւն ունի: