Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեհրապի Մէջ. Ժահժահ Ընդունեց Իպրահիմ Քանաանը

Յուլիս 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժահժահ, Քանաան եւ Ռիաշի
Ժահժահ, Քանաան եւ Ռիաշի

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ ներքին առումով պէտք է կեդրոնանալ լիբանանեան նախաձեռնութեան վրայ եւ իբրեւ լիբանանցիներ կարելի եղածին չափ մեր միջեւ ստեղծուած բացը գոցենք, որպէսզի կարենանք լուծել մեր ազգային հարցերը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կրնա՞յ ունենալ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ, Քանաան շեշտեց, որ արտաքին աշխարհին վրայ պէտք չէ վստահիլ, նոյնիսկ եթէ անիկա դրական մթնոլորտ ներշնչէ, ինչպէս նաեւ պէտք է պատրաստ ըլլալ ամէն տեսակի նորութեան:

Քանաան յայտնեց, որ Ռիաշիի Ռապիէ կատարած այցելութիւնը, Ժահժահի վարչապետարան կատարած այցելութիւնը եւ իր այցելութիւնը Մեհրապ լիբանանեան ներքին նախաձեռնութեան մը շրջագիծին մաս կը կազմեն: «Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ միացեալ նպատակներու յայտարարութենէն ետք, մեզի համար արդէն իսկ նախագահական ընտրութեան պատկերացում մը յստակացած է», ըսաւ ան:

Քանաան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութեան յատուկ օրէնքի մը մշակումն ու արտերկրի լիբանանցիներուն քաղաքացիութիւն շնորհելը: «Խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու նախաձեռնութիւնը պէտք չէ չարաշահումի ենթարկել եւ 24 նախարարներուն նման անոր հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները յանձնել», ըսաւ ան:

Քանաան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն առումով անկարելի է թոյլ մօտեցում ցուցաբերել:

 

Նախորդը

Պան Քի Մունի Ներկայացուցիչը Այցելեց Բագրատունիի

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?