Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Միխայէլ Տահերը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Տահեր յայտնեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին այցելած է` հիւսիսային Լիբանանի մէջ անոր բարի գալուստ մաղթելու:
Տահեր հաստատեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը վերաշխուժացնել:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրին եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսը: