Երէկ Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահը` քննարկելու համար լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ անոր յանձնառութեան գծով: