Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արարողակարգային հարցերու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեանի:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը:
Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ անհրաժեշտ նկատուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը: