Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Սուրիոյ Եւ Ֆրանսայի Դեսպանները

July 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դեսպան Ալի եւ Պըրրի
Դեսպան Ալի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին եւ նախանձախնդիր կը մնայ անոր ապահովական կայունութեան:

Փաուլի նշեց նաեւ, որ Փարիզ պիտի հետապնդէ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին կատարուած օժանդակութեան գործնական թարգմանութեան հոլովոյթը:

Ֆրանսայի դեսպանը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական մարզերուն մէջ գործակցելու առումով, ինչպէս նաեւ փափաք յայտնեց, որ լիբանանցիները կարենան նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորեց Ֆիթրի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Ալի յայտնեց, որ Պըրրի լաւատես է շրջանին մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան ունենալիք դրական ազդեցութեան հաւանականութեամբ:

Ալի աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է սուրիական բանակին ունեցած յաղթանակները Տարաայի, Սուէյտայի, Իտլիպի եւ սուրիական տարբեր շրջաններուն մէջ:

Ան ըսաւ, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը արդիւնք էր Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դիմադրութեան ու պայքարին: «Իսկ հիւլէական ծրագիրին մասին համաձայնութիւնը մարդկութեան շահերուն ծառայող առիթ մըն է», ըսաւ Ալի:

Նշենք, որ Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն, Ալճերիոյ խորհրդարանի նախագահ Ապտել Քատեր պըն Սալեհէն եւ Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիէն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

Յաջորդը

2014-2015 Տարեշրջանին Համար. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Հրապարակեց Եւրոպայի 10 Լաւագոյն Թեկնածուներուն Անունները

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.