Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 17, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Թրիփոլիի բոլոր փողոցներուն մէջ շրջուն հսկողութիւն կը կատարէ, ինչպէս նաեւ անցարգելներ զետեղած է Ֆիթրի տօնին առիթով քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, քաթարցիները Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին խոստացած են առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը հետապնդել Ֆիթրի տօնէն ետք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութիւնը կը խանգարէ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

ՄԱՈՒԱՐԵՏ դրամատան Շթորայի մասնաճիւղին տնօրէնը առեւանգող կողմերը անոր ընտանիքէն 500 հազար տոլար պահանջած են` զայն ազատ արձակելու համար:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ դրուատեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ մշակութային ծրագիրներու առումով փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ իրենք չեն նախատեսեր, որ Ուաշինկթըն Իրանին յանձնած ըլլայ շրջանը: «Մենք կատարեալ գիտակցութեամբ կը հետեւինք Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան արդիւնքներուն», ըսաւ ան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը պատրաստուի առաջադրելու նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում պիտի գոյանայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ֆատել շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն վրայ բանեցուելիք ճնշումներուն առումով պէտք է յանձնառու մնալ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ յանձնախումբը քննարկած է հաշուեքննիչ դիւանին աշխատանքներուն կարգաւորումին հարցը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ ստորագրուած` հիւլէական ծրագիրի վերաբերեալ համաձայնագիրը յաղթանակ մը կը նկատուի:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստորագրուած համաձայնութեան առնչութեամբ: Ան հաստատեց, որ հիւլէական ծրագիրը անկիւնադարձային կը նկատուի շրջանին մէջ նոր դրութեան մը ստեղծման առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը կրցած է իրականացնել միջազգային ընտանիքին կողմէ Իրանի ճանաչումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը պէտք է յանձնուի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ ընդգծեց խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջանի մը սկսելու անհրաժեշտութիւնը` վաւերացնել կարենալու համար լիբանանցիներուն հարցերը հեզասահ դարձնող խնդիրներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւններու նոր օրէնք մը մշակելու առիթ ստեղծելու եւ խորհրդարանի օրէնսդրական նստաշրջանի մը սկսելու:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրը առիթ տուած է նշմարելու, թէ շրջանին մէջ նոր հանգրուան մը կը սկսի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կառավարութիւնը կազմող լիբանանեան քաղաքական ուժերուն տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում գոյացնելու առումով:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ թաղապետ Մոհամետ Աուատա, որ քանի մը օր առաջ կրակած էր Ալի Աուատայի վրայ, երէկ ձերբակալուեցաւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը վերջ կու տայ Իրանի դէմ Արեւմուտքի թշնամանքին:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ազատականներու կուսակցութիւնը յոյս յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրը շրջանը դէպի ապահովական կայունութիւն առաջնորդէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ երկխօսութիւնը տարբեր թղթածրարներուն առումով օգտակար եղած է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին առիթ պիտի տայ, որ կառավարութեան գործելաոճին իմաստով բոլոր մօտեցումները մանրամասնօրէն քննարկուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռայա Հասան յոյս յայտնեց, որ Թրիփոլիի Տնտեսական շրջանի խորհուրդին շարք մը ներդրումներ կատարուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ չի մերժեր նախագահական ընտրութեան իր առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչել, եթէ համախոհական նախագահի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են իրենց շարժումներն ու ցոյցերը քաղաքակիրթ պահելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղազի Արիտի շեշտեց, որ իրանեան-ամերիկեան համաձայնութիւնը իր ներդրումը պիտի ունենայ շրջանային թղթածրարներուն վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան առաջին ազդեցութիւնը պիտի երեւայ Սուրիոյ մէջ բոյն դրած ահաբեկչութեան դէմ պայքարով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը տակաւին ուղղակիօրէն կախեալ է շրջանային կարգ մը հարցերէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշեր Սմահայի դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ 17 սեպտեմբեր 2015-ին:

 

Նախորդը

Սրբալոյս Միւռոնը Աստուածաշունչին Եւ Մեր Եկեղեցւոյ Մէջ. Միւռոնի Պատրաստութիւնն Ու Գործածութիւնը Իր Նախատիպը Ունի Հին Կտակարանի Մէջ

Յաջորդը

Լիբանան Աշխարհի Մէջ Տասը Նուազագոյն Ատակ Կառավարութիւններու 4-րդ Դիրքին Վրայ Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?