Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Մէջ Փոխանցման Շրջանի Միջոցին. Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Ճակատի Կայունութեան Պահպանման Գծով

August 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

20150808_120011

Շաբաթավերջին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կոչը` «պատրաստ ըլլալու երբ փողը հնչէ` ոտքերով քուէարկելու», որոշ մտավախութիւններ ստեղծեց քաղաքացիներուն մօտ` կացութեան վատթարացման հաւանականութեան գծով եւ տեղի տուաւ զանազան թեր ու դէմ արձագանգներու եւ հակազդեցութեանց: Աունական ճակատին վրայ տիրող «լռութիւնը», ըստ ոմանց կը նկատուի «փոթորիկը կանխող լռութիւն», ըստ ուրիշներու` Աուն զգուշութեամբ կ՛առնէ իր քայլերը, ներքին եւ արտաքին նկատառումներով: Ոմանք հաւանական նկատեցին, որ Աուն իր հետեւորդները փողոց մղէ յառաջիկայ հինգշաբթի, նախարարաց խորհուրդի նիստին գումարման ընթացքին, իբրեւ ճնշումի միջոց` հոն տրուելիք որոշումներուն:  Ուրիշներ նման քայլի կը սպասեն հինգշաբթի երեկոյեան կամ ուրբաթ առաւօտեան` մեկնելով կառավարութեան հրապարակելիք որոշումներէն: Այլ աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն, որ զօր. Աուն եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի  երեսփոխանները յառաջիկայ չորեքշաբթի անակնկալօրէն «իջնեն» խորհրդարան, ուր տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան 27-րդ նիստը` ընդառաջելով  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կոչին: Այսուհանդերձ այս բոլորը կը մնան հաւանականութեանց ծիրին մէջ, մանաւանդ որ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ կը նախատեսուին միջնորդական խաղաղարար հանդիպումներ, ինչպէս` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի նախաձեռնութիւնը եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի` Հըզպալլայի տուած խոստումը, թէ կառավարութեան յառաջիկայ նիստին «պիտի խուսափի զօրավար Աունն ու իր հետեւորդները ընդվզեցնող ու բարկացնող որոշումներ տալէ», ինչպէս կը նշէ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը: Նաեւ` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ուրբաթ, 14 օգոստոսին արտասանելիք խօսքը կրնայ կարեւոր խթան ըլլալ սպասելու այս վերջինի կեցուածքին: Արտաքին մակարդակի վրայ եւս Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութիւնը վաղը կարեւոր հանգրուան կը նկատուի, երբ ան, ըստ իրազեկ աղբիւրներու, ի միջի այլոց պիտի փորձէ «հանդարտեցնել» լարուած տրամադրութիւնները:

Փաստօրէն, լաւատեղեակ դէտերու կարծիքով, Միջին Արեւելքի շրջանը գէթ մինչեւ յառաջիկայ աշնան կէսերը եւ առաւելագոյնը մինչեւ վեց ամիս պիտի ապրի սպասողական փոխանցման շրջան մը, մինչեւ ձեւ ու գոյն ստանան շրջանային տագնապներու գծով առաջադրուող լուծման ծրագիրներն ու միջոցառումները: Լիբանան իր կարգին պիտի սպասէ ի՛ր հիմնահարցերու լուծման, յատկապէս որ արտաքին մէկէ աւելի կողմեր կարմիր գիծ կը նկատեն լիբանանեան հրապարակի վատթարացման փորձերը: Արդ, յառաջիկայ օրերը պիտի գան պատասխանելու քաղաքացիներու այս հարցադրումներուն եւ մտավախութեանց:

Նախորդը

Աղբակոյտերու Հարցի Լուծման Ձգձգման Լոյսին Տակ. «Հոտերնիդ Ելաւ» Շարժումը Կը Պահանջէ Կենսոլորտի Նախարարին Հրաժարումը

Յաջորդը

Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Պատմական Իրականութեան Ճիշդ Կողմն Ենք»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.