Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբակոյտերու Հարցի Լուծման Ձգձգման Լոյսին Տակ. «Հոտերնիդ Ելաւ» Շարժումը Կը Պահանջէ Կենսոլորտի Նախարարին Հրաժարումը

Օգոստոս 10, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շաբաթ օրուան ցոյցէն պահ մը
Շաբաթ օրուան ցոյցէն պահ մը
«Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի համակարգող Իմատ Պազզի կը ներկայացնէ Մաշնուքի հրաժարման պահանջը
«Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի համակարգող Իմատ Պազզի կը ներկայացնէ Մաշնուքի հրաժարման պահանջը

Աղբակոյտերու հարցին լուծումը կը թուի, թէ տակաւին երկար պիտի ընդվզեցնէ լիբանանցիները, որոնք լիայոյս կը հետեւէին անցնող ուրբաթ օրուան նուազուրդին` իբրեւ լուծման նախաքայլ: Սակայն կառավարական աղբիւրներուն համաձայն, նուազուրդի արդիւնքները կրնան ուշանալ եւ երկարիլ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթավերջ: Մինչ այդ, աղբակոյտերու բլրակները օր ըստ օրէ կը բարձրանան եւ զանոնք «թաղելու» յարմար վայրեր չկան` տրուած ըլլալով, որ գրեթէ բոլոր շրջաններու քաղաքապետութիւններն ու պատկան մարմինները կը մերժեն իրենց շրջանը աղբանոցի կամ աղբերու ամբարման կեդրոններու վերածել: Այս երեւոյթի լոյսին տակ շաբաթավերջին մէկէ աւելի շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցեր ու ելոյթներ կազմակերպուեցան, որոնցմէ ամէնէն լուրջը «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի նախաձեռնած  ժողովրդային ցոյցն էր: Շարժումը կը պահանջէր կենսոլորտային առողջ քաղաքականութեան որդեգրում, ինչպէս նաեւ` կենսոլորտի նախարար Մոհամէտ Մաշնուքի հրաժարումը:

Կը սպասուի, որ այս հրատապ հարցը եւս իր ժխտական զարգացումները ունենայ անմիջական քայլերու մէջ իսկ պարզուող ձգձգման լոյսին տակ: Այս իմաստով ուշագրաւ էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան յայտարարութիւնը երէկ Պայսուրի մէջ, թէ աղբերու հարցին բարդացման պատասխանատուն ոչ թէ կենսոլորտի նախարարն է, այլ` նուազուրդի պայմանները որոշող կողմը: Փաստօրէն, այն ընկերութիւնը, որ պիտի ընտրուի նուազուրդի արդիւնքով, առնուազն 16 ամսուան կը կարօտի «գործի» ձեռնարկելու համար: «Աղբերու հարցով մենք դէպի ու՞ր կ՛երթանք». հարց տուաւ Ուալիտ Ժոմպլաթ:

(Լուսանկարները` ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆի)

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Մէջ Փոխանցման Շրջանի Միջոցին. Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Ճակատի Կայունութեան Պահպանման Գծով

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?