Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ այսօր կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի հասնի Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Քաակ այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ փոխանցեց, թէ Զահրանիի ելեկտրակայանին նորոգութեան աշխատանքները աւարտած են, եւ իբրեւ արդիւնք ելեկտրական հոսանքի մատակարարման առումով որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր չորս սուրիացիներ ամբաստանեց Ժապհաթ Նուսրայի մաս կազմելու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու մեղսակցած ըլլալու յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին պետութեան տրամաբանութեան եւ պետական ծրագիրին` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն բանակէն բացի այլ կազմակերպութիւններու մօտ գտնուող զէնքն ու զինամթերքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլայի մարտիկները պիտի շարունակեն պայքարիլ հաւատադրժողական կազմակերպութիւններուն դէմ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած քանդումը ամերիկեան-սիոնական պահանջ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներու պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումը արդէն իսկ որոշուած է եւ գործադրուելու հունին մէջ կը գտնուի:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս կոչ ուղղեց Թրիփոլիի մէջ ապօրինի կառոյցներու դրութեան վերջ տալու եւ շարունակելու Թրիփոլիի բարգաւաճման ծրագիրներուն իրագործումը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն մինչեւ վերջ սուտ վկայի դերակատարութիւն ունենալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի ընդգծեց, որ Իրան Միջին Արեւելքի մէջ անկիւնադարձային իրողութիւններ պիտի իրագործէ` հիւլէական իր ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութեան շնորհիւ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը չորոշէր հաւատադրժողական կազմակերպութիւններուն եւ շարժումներուն դէմ պայքարիլ, ապա Լիբանան գոյութիւն պիտի չունենար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հարցը իր դաշնակիցներուն հետ է: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ Աունի գործած յարձակումը կը ծառայէ Իսրայէլի եւ ահաբեկիչներուն շահերուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան չէզոք եւ անծանօթ նախագահի մը ընտրութեան մասին յայտարարութիւնները վտանգաւոր են Լիբանանի ապագային համար:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ապահովական պատճառներով մերժած է աղբերուն Արսալ փոխադրութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ սէուտական-սուրիական խորհրդակցութիւնները դրական են` ընդգծելով սակայն, որ այդ մասին պէտք չէ տեղեկութիւններ սպրդեցնել:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն, նախկին երեսփոխան Քերիմ Ռասի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն շահերը ապահովող տրամաբանական երկխօսութիւն կատարելու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Այն Տարայի բնակչութեան այն կեցուածքին, որուն հիման վրայ անոնք կը մերժեն իրենց շրջանին մէջ աղբանոցի մը ծրագիրը: Ան հաստատեց, որ աղբերու թղթածրարին լուծումը կարելի պիտի ըլլայ ըստ քաղաքական անձնաւորութիւններուն անհատական շահերուն ապահովումին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կռուող իր հարիւրաւոր մարտիկները դիրքաւորած է Պեքաայի մէջ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Շարք Մը Զինեալ Յարձակումներ

Յաջորդը

Ալեն Աուն. «Մենք Բոլորէն Առաջ Կը Փափաքինք Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?