Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Փարակուէյի Իր Պաշտօնակիցը

Օգոստոս 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մորենօ եւ Պըրրի կը փոխանակեն համագործակցութեան ստորագրուած փաստաթուղթերը
Մորենօ եւ Պըրրի կը փոխանակեն համագործակցութեան ստորագրուած փաստաթուղթերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փարակուէյի իր պաշտօնակիցը` Հիւկօ Ատալպերթօ Վելասքեզ Մորենոն, որուն կ՛ընկերակցէր խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին աւարտին Պըրրի եւ Մորենօ ստորագրեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան արարողակարգ մը:

Հանդիպումէն ետք Այն Թինէի մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը` ի պատիւ Մորենոյի:

Ճաշկերոյթին ընթացքին Պըրրի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բազմաթիւ հարցերուն, ան յաջողած է պահպանել իր ընդհանուր վարչակարգը` երկրին խորհրդարանին եւ կառավարութեան միջեւ գործակցութեան շնորհիւ:

Պըրրի ընդգծեց, որ այդ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի` հաստատելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պիտի պահպանուի, որովհետեւ անիկա միայն լիբանանեան կարիք չէ, այլեւ` միջազգային եւ արաբական:

«Մենք վստահ ենք, որ խաղաղ եւ հանդարտ մթնոլորտը պիտի օժանդակէ, որպէսզի մեր բոլոր հարցերը լուծենք, լիբանանեան պետութիւնը եւ անոր դերակատարութիւնը պահպանենք` առանց ներքին լիբանանեան երկխօսութեան նկատմամբ մեր վստահութիւնը կորսնցնելու», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Փարակուէյի խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ գրեթէ բոլոր մարզերուն, յատկապէս օրէնսդրութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւն հաստատելու:

Մորենօ շեշտեց, որ Լիբանան կը տառապի շրջակայ երկիրներուն եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ահաբեկչութեան հետեւանքներէն եւ ճնշումներէն` խստիւ դատապարտելով հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործած սահմանային խախտումներն ու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ անոր ոտնձգութիւնները:

Մորենօ հաստատեց, որ ինք Լիբանանի մէջ շատ հանգիստ կը զգայ` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է ամրապնդել:

Ապա ան Պըրրին հրաւիրեց Փարակուէյ այցելելու:

Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մորենոն, որ հանդիպումէն ետք բարձր գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մղած պայքարը:

 

Նախորդը

Բանակը Ձերբակալեց Ապտել Ռահման Քիլանին Եւ Վեց Սուրիացիներ

Յաջորդը

Ըստ «Լա Սթամփա»-ի. Անգարայի Եւ Վատիկանի Միջեւ Լարուածութիւնը Պիտի Խորանայ, Երբ Պապը Երանացնէ 1915-ին Սպաննուած Ասորի Կղերական Մը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?