ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ հետաքննիչ դատախազ Մոհամետ Պատրան քննելէ ետք Սարա Ամինի սպանութեան հարցը անոր ամուսինը` Ալի Զէյնը դատապարտեց մահապատիժի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբին երէկուան նիստը յետաձգուեցաւ` յանձնախումբի անդամներու օրինաթիւին չգոյութեան պատճառով:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ յայտարարեց Պէյրութի փառատօներուն ցուցակը` աւելցնելով, որ հակառակ վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերուն, Լիբանան կը վկայէ քաղաքական վատթարացման իրավիճակ մը:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի հետ եւ դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ Իտալիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութեան երաշխիքը այն է, որ միայն լիբանանեան բանակը զէնքի ուժ ունենայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն սուր շանթաժի կ՛ենթարկուի, իսկ անոր ժողովրդականութիւնը կասկածի տակ առնելն ու զայն քննութեան ենթարկելը բաւական վտանգաւոր են:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Պքերքէի համար կը ներկայանայ իբրեւ անոր ռազմավարական նպատակները պահանջող ռահվիրայ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ Հասան Քապալան շեշտեց, որ կարելի չէ յուսալ, որ խորհրդարանին օրինականութիւնը չճանչցող անձնաւորութիւն մը ակնկալէ, որ նոյն խորհրդարանը զինք հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին հասցնէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Զղարթայի մէջ ձերբակալած է շարք մը սուրիացիներ, որոնք անձնաթուղթեր չունէին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հանդիպելէ ետք Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, կոչ ուղղեց կառավարութեան ստեղծելու այնպիսի աղբանոցներ, որոնք կենսոլորտը չեն ապականեր:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ քաղաքական եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ ի յայտ եկող անկարողութիւնը փաստ է, որ լիբանանեան վարչակարգը փլուզման սեմին կը գտնուի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական վարչակարգը փաստած է իր սնանկութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը ուղղակիօրէն կառչած կը մնայ լիբանանեան բանակին եւ լիբանանեան պետականութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութեան մեծագոյն երաշխիքն է, որովհետեւ անիկա քաղաքական բախումներէ հեռու կը գտնուի:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ քաղաքապետ Ամեր Ռաֆիհի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւն պարտադրած են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա իր դաշնակիցներուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի յանձնած է նամակ մը, որուն մէջ կոչ ուղղած է չճակատելու բանակին հետ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ որոշ հարցերու լուծման առումով: