Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանային Դիւանագիտական Եռուզեռին Զուգահեռ. Լիբանանի Քաղաքական Հրապարակը Հետզհետէ Կը Մթագնի

Օգոստոս 8, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հրապարակած` զինուորականներու պաշտօնավարութեան միամեայ երկարաձգման որոշումին վաղորդայնին բոլոր կողմերուն հայեացքները սեւեռած մնացին նշեալ որոշումի գլխաւոր թիրախ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցուցաբերելիք կեցուածքին: Այս գծով համատարած տպաւորութիւն կը տիրէ, թէ հակառակ անցնող 48 ժամերու լռութեան, Ազգային ազատ հոսանքը տեղի պիտի չտայ եւ իր «խօսքը» պիտի փոխանցէ յառաջիկայ ժամերուն:

Արդարեւ, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ դիւանագիտական աշխուժ քայլեր կը նախատեսուին յառաջիկայ երկուշաբթի, երբ Սուրիոյ եւ ապա Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները Մոսկուայի մէջ պիտի քննեն շրջանը դժոխային վիճակի մատնած` ահաբեկչական խմբաւորումներու սպառնալիքի յաղթահարման ու սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման նախաքայլերը, ինչ որ որոշ դրական մթնոլորտ կրնայ ստեղծել համատարած լուծման նախանշաններու բացայայտման գծով: Ասիկա կանխած էր դրական այլ քայլ մը, երբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ այցելեց Օման` երկար «բացակայութենէ» ետք: Դէտերու կարծիքով` դիւանագիտական այս եռուզեռը իր ստացած ուղղութիւններով եւ «կրած գոյներ»-ով ինքնին դրական ու խոստմնալից քայլեր են, որոնք անպայման իրենց անդրադարձը պիտի ունենան նաեւ լիբանանեան հրապարակին վրայ: Հաւանականութիւն, որ առաւել եւս կը շեշտուի, սպասելով  քանի մը օր ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի ձեռնարկելիք շրջանային շրջապտոյտին, ուր Լիբանան առաջնակարգ կայան պիտի ըլլայ:

Նեպիլ Նիքոլա
Նեպիլ Նիքոլա

Հակառակ այս դիւանագիտական հանդիպումներէն ներշնչուող լաւատեսութեան, լիբանանեան հրապարակը հետզհետէ առաւել եւս կ՛ամպոտի ու կը մթագնի, յղի` քաղաքական «տաք» կեցուածքներու  «փողոցային» մեկնաբանութեան մտավախութիւններով: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ պատկան կողմերու պաշտօնական յայտարարութիւնները, թէ ջերմաստիճանը պիտի նուազի եւ մթնոլորտը պիտի հանդարտի ու ելեկտրական հոսանքը պիտի բարելաւուի` որոշ գոհունակութիւն պիտի սփռէին,  յայտարարուած տողերուն միջեւ «ընթերցումը» սակայն եկաւ հասկցնելու, թէ «այս խմորը տակաւին շա՜տ ջուր կ՛ուզէ» եւ թէ երկրին հրատապ հարցերը հետզհետէ փոխանակ լուծման` գահավիժումի ընթացք բռնած են: Փաստօրէն, ինչպէս երէկ, այսօր եւս լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ կը նախատեսուին ժողովրդային ընդվզումի զանազան ելոյթներ` առ ի բողոք աղբակոյտերու հարցի հարթումի ձգձգման, ելեկտրական հոսանքի ընդհատման դրութեան շարունակման եւ այլ հրատապ հարցերու տակաւին անլոյծ մնալուն դէմ: Սակայն այս բոլորին կողքին հարցադրումները աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ կը թուին քաղաքական իրավիճակի վատթարացման հաւանականութեանց լոյսին տակ: Մտահոգիչ, որովհետեւ քաղաքական իրավիճակի վատթարացումի հաւանականութիւնը այս անգամ կը բխի երկրի մէկ կարեւոր հատուածին գոյութենական եւ քաղաքական իրաւունքներու վերահաստատման պահանջէն: Պահանջ, որուն իրագործման համար պատկան կողմերը կը հաստատեն, որ տեղի պիտի չտան ու անհաւանական չեն նկատեր «փողոցը» իբրեւ բեմահարթակ գործածելու իրենց պահանջներու իրագործման ճամբուն վրայ: Ա՛յս դիտանկիւնէն կարելի է մեկնաբանել վերջին ժամերուն խնդրոյ առարկայ գլխաւոր կողմի` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն կողմէ  թէ անոնց մօտիկ աղբիւրներու վերագրուած կեցուածքները, ուր ամէնէն վտանգաւորը կը թուի` նշեալ հոսանքի վարիչներէն  երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլայի այն յայտարարութիւնը, թէ «կ՛ընթանանք դէպի քաղաքացիական ընդդիմութիւն եւ այս ընթացքով մեզի կը մնայ պետութենէն անջատուիլ»: Այս գծով Ազգային ազատ հոսանքի զանազան միաւորներ արտակարգ նիստեր կը գումարեն, պատրաստ` որեւէ հաւանականութեան դիմաց, մինչ անոնց  հիմնական կեցուածքը կը սպասուի այսօր, երբ Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուները արտակարգ ժողով մը պիտի գումարեն  առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իսկ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր խօսքը պիտի փոխանցէ կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Լիբանանցիք պահ մը «գրեթէ մոռնալով» իրենց ապրուստի հրատապ հարցերը, ժամ առ ժամ կը հետեւին այս կացութեան քաղաքական զարգացումներուն` մաղթելով, որ անիկա իր ապահովական անդրադարձները չունենայ եւ քաղաքական «փրկարար» լուծում մը հարթէ այս թնճուկը եւս, յատկապէս որ ըստ երէկ երեկոյեան վերջին լուրերուն, քուլիսային խորհրդակցութիւնները եւ լուծման փրկարար ճիգերն ու խաղաղարար առաջարկները կը շարունակուին Ռապիէի ուղղութեամբ:

Նախորդը

Աղբակոյտերու Դասաւորման Ընկերութեանց Մրցումին Հսկելով. Մաշնուք. «Կը Գտնուինք Կենսոլորտային Արտակարգ Վիճակի Մէջ Եւ Կացութիւնը Աղէտալի Է»

Յաջորդը

Հեմիլթըն Կ՛ուզէ Ապագային Ելոյթ Ունենալ «Նասքար»-ի Հետ

RelatedPosts

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ,  Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ  Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ, Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը

Մարտ 31, 2023
Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Կացութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Մարտ 31, 2023
Յորդանանի Թագաւորը  Ընդունեց Պու Հապիպը
Լիբանանեան

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Պու Հապիպը

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In