
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներէն` արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ վերահաստատեց իր եւ Ազգային ազատ հոսանքի պատրաստակամութիւնը` ճիգ չխնայելու լիբանանցիներու, յատկապէս քրիստոնեաներու իրաւունքներու վերահաստատման ի խնդիր:
Միւս կողմէ, Պասիլ ընդունեց ՄԱԿ-ի հարցերու մնայուն համակարգող Ֆիլիփ Լազարինին: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի եւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին վրայ:


