«Կը Զգուշացնենք Բոլորը, Գլխաւորաբար Ռայի Պատրիարքը, Թէ Բնակեցումի Վտանգին Ենթակայ Ենք» Շեշտեց Զօր. Աուն
Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նիստին ընթացքին լրջօրէն քննարկած են սուրիացի գաղթականներուն հարցը` շեշտելով, որ աշխատող իւրաքանչիւր գաղթական պէտք է անմիջապէս իր երկիրը ուղարկուի, իսկ իր երկիրը գացող եւ վերադարձող իւրաքանչիւր գաղթական պէտք է...



















